Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Տէր Զօրի արեւելեան արուարձանը, սուրիական իրաքեան սահմանային շրջանը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ գիշերուան ժամը 1:00-ին, ամերիկեան պատերազմական օդանաւ մը հրթիռներ արձակեց սուրիական-իրաքեան սահմանային շրջանի բնակարաններուն վրայ, որուն հետեւանքով երեխայ մը նահատակուեցաւ եւ 3 վիրաւորներ արձանագրուեցան։