Սիրտը գրչատուփ է
Ոխը՝ տաշելիք
Ներելը՝ սրբիչ
Խիղճը՝ գծաքաշ
Դիտողութիւնը՝ կապոյտ գրիչ
Քննադատութիւնը՝ կարմիր գրիչ
Գնահատելը՝ բարենիշ
Փորձելը՝ մատիտ
Լաւատեսութիւնը՝ ներկի գոյներ
Երեւակայութիւնը՝ գծագրութեան տետրակ
Մտապատկերը՝ գրատախտակ:
Ամուսնութեան կէսը սիրել է, իսկ միւս կէսը՝ սիրուիլ:
Տունէն դուրս ուրախութիւն փնտռողը լքուած մըն է:
Ամուսնալուծումը սերունդ քանդելու ծառայող ոճիր է:
Ըսի ըսաւ­նե­րը վի­ճա­բա­նու­թեան մթ­նո­լորտ կը ստեղ­ծեն եւ բամ­բա­սող­նե­րուն ախոր­ժա­կը կը գրգ­ռեն:
Նշանախօսութիւնը ծովեզերք է, ձախաւեր ամուսնութիւնը՝ ալեկոծ ծով, իսկ երջանիկ ընտանիքը՝ խաղաղ կղզի:
Խնդիր մը իմաստութեամբ կը յստականայ, համբերութեամբ կը մեղմանայ եւ սիրով կը լուծուի:
Սխալը ընդունիլը քաջութիւն է, իսկ սխալը սրբագրելը՝ հերոսութիւն:
Ուրիշին սխալէն սորվիլը ձրի դաս է, իսկ քսակէդ սորվիլը՝ կարեւոր եւ անմոռանալի դաս:
Հաւատարիմ ընկեր ունենալը շտապ օգնութիւն ունենալ կը նշանակէ:
Անկեղծութիւնը վստահութիւն շահելու ոսկի բանալին է:
Հպարտութիւնը աշխարհի մէջ դժոխքի դեսպանատունն է:
Մեղքը ատելը լաւ է, իսկ արդարութիւնը սիրելը՝ լաւագոյնն է:
Մեզի համար աղօթողները անանուն նուիրատուներ են:
Մարդոց աղօթքները շահիլը հարստութիւն է:
Աղօթքի առատ նիւթեր կարելի է գտնել Աստուածաշունչէն:
Իրարու համար աղօթելը եղբայրասիրութեան արտայայտիչն է:
Սրտաբուխ աղօթքը հոգիի կանչն է, հաւատքին արձագանգը եւ զԱստուած պաշտելու ջերմ փափաքին թարգմանը:
Երազը առանց յոյսի խաբկանք է:
Պայքարը առանց տեսիլքի ափսոսանք է:
Խաչը առանց Յարութեան խորհուրդին տանջանք է:
Կամքը առանց խիղճի խուլ է:
Ապագան առանց մարդուժի մշուշոտ է:
Յարատեւ ընթերցելը ձրի ուսում է:
Ունինք հարուստ լեզու, բայց աղքատ արտայայտութիւն:
Ունինք հրաշալի լեզու, բայց յաճախ այդ հրաշքը կ’ուրանանք մեր խեղճ բառամթերքով:
Պարզութիւնը մանկապարտէզ է
Նեղութիւնը՝ կրթարան
Փնտռտուքը՝ փորձ քննութիւն
Խօսքը գործի վերածելը՝ քննութիւն
Յաջողութիւնը՝ վկայական
Անդրադարձը՝ վերաքաղ
Յիշողութիւնը՝ արխիւատուն
Աշակերտ մնալը՝ խոնարհութիւն
Սորվեցնելու արուեստը զարգացնելը՝ մասնագիտութիւն:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան