ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մարմնակրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած համահայկական մանկապատանեկան նկարչական ամենամեայ մրցոյթ-փառատօնը ընթացք առած է: Փառատօնը կը կրէ «Հայոց Պետականութիւն. Ինքնաճանաչում» խորագիրը։ 6-էն 18 տարեկան արուեստասէր եւ ստեղծագործական շնորհք ունեցող հայ մանուկներ եւ պատանիներ ամբողջ աշխարհէն կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Յատկանշական է, որ այս տարի ընթացակարգը պիտի իրականանայ առցանց ցուցադրութեան, վարպետութեան դասերու, սեմինարներու ու հարցուպատասխանի ձեւաչափով եւ արուեստի զանազան բնագաւառներու ուսուցողական բնոյթ կրող տեսահոլովակներու ցուցադրումով: Դիմումները պիտի ընդունուին մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2021: