«Հայաստան» դաշինքը 1 Յուլիսին յայտարարութիւն հրապարակեց Սահմանադրական Դատարան դիմելու առնչութեամբ. ««Հայաստան» դաշինքը յառաջիկայ օրերուն կը դիմէ Սահմանադրական Դատարան` 20 Յունիսին տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով: Դաշինքը ստացած է մօտաւորապէս 300 հազար ընտրողի քուէ եւ անպայման տէր պիտի կանգնի այդ քուէներուն, չդաւաճանելու իր ընտրողին: Մեր պայքարը պիտի շարունակուի: Այս իշխանութեան սանձարձակութիւնը պէտք է սահմանափակուի, պէտք է ապացուցենք, որ ան կը ներկայացնէ ամենափտած իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ»: