Հա­յաս­տա­նի մէջ 20 Յու­նի­սին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, յս­տա­կա­ցու­մէ աւե­լի՝ նոր հար­ցա­կան­ներ ծա­գե­ցան հա­զար ու մէկ պատ­ճա­ռով, որոնք նիւթ դար­ձան (եւ նիւթ կը մնան) տա­սը հա­զար եւ մէկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու: Գլ­խա­ւոր հար­ցում­նե­րը եւ անոնց պա­տաս­խան­ներ գտ­նե­լու փոր­ձե­րը, ըստ «աւան­դու­թեան», հա­կա­դիր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով եւ տե­սու­թիւն­նե­րով ողո­ղած են դաշ­տե­րը. եթէ իշ­խա­նու­թիւնը կը պն­դէ, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը վճ­ռած են ամէն բան, ինք անա­ռար­կե­լի յաղ­թա­նակ տա­րած է եւ նոր լի­ա­զօ­րու­թիւն ստա­ցած է ժո­ղո­վուր­դէն՝ աւե­լի՛ հաս­տատ քայ­լե­րով, «պող­պատ­եայ յե­ղա­փո­խութ­եամբ», «օրէն­քի բռ­նա­տի­րութ­եամբ» եւ նման նշա­նա­խօս­քե­րով առաջ­նոր­դե­լու եր­կի­րը, ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տէն կը բարձ­րա­նան ընտ­րա­կեղ­ծիք­նե­րու դէմ բո­ղո­քի ձայ­ներ, հրա­պա­րակ կը բեր­ուին մե­ղադ­րան­քը հաս­տա­տող փաս­տեր, որոնք, կը ներ­կա­յաց­ուին իբ­րեւ «ար­դիւնք­նե­րուն վրայ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­ցող» իրա­կա­նու­թիւն­ներ, «մարդ­կա­յին սխալ­ներ»ու կը վե­րագր­ուին եղած­նե­րը: Ըլ­լայ խորհր­դա­րան մտ­նե­լու բա­ւա­րար քուէ ապա­հո­ված դա­շինք­նե­րը, ըլ­լայ դուրս մնա­ցած ըմդ­դի­մա­դիր­ներ (նա­եւ իշ­խա­նու­թեան որոշ հա­մա­կիր­ներ) կը կանգ­նին խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կի մէջ, հարց տա­լով, թէ արդ­եօք «խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թիւն»ը պէ՞տք է վերջ­նա­կա­նա­պէս ըն­դու­նի ար­դիւնք­նե­րը եւ մտ­նէ խորհր­դա­րան, թէ հրա­ժա­րի խորհր­դա­րան մտ­նե­լէ եւ փաս­տե­րու կոյ­տը օրէն­քի ճամ­բով ցու­ցա­հա­նե­լով՝ ստեղ­ծէ ԿԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ:
Ամէ­նէն աւե­լի հն­չող հար­ցա­կա­նը այն է, թէ ինչ­պէ՞ս հա­սանք նման ան­կա­յուն կա­ցու­թեան, այ­սինքն՝ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ան­վի­ճե­լի պա­հան­ջով ճամ­բայ ելանք եւ հա­սանք վնա­սա­րար վար­քա­գի­ծին վե­րա­հաս­տատ­ման, հոգ չէ թէ իշ­խա­նա­ւոր­ներ ու անոնց հա­մակ­րանք տա­ծող­ներ փոր­ձեն հա­մո­զել, թէ ետ­դար­ձի ճամ­բա­նե­րը փակ­ուած են, իշ­խա­նու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կէ այն գի­ծը, որ սկիզբ առաւ 2018-ին եւ ութ ամի­սէ ի վեր իր ու­սե­րուն կը կրէ… 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին ան­բա­րու­նակ եւ ան­վի­ճե­լի բեռ­նե­րը, ու դեռ շատ աւե­լին:
ՔԱ­ՆԻ ՄԸ ՔԱՅԼ ԴԷ­ՊԻ ԵՏ
«Հոս հա­սանք»ը ու­նի բա­զում բա­ցատ­րու­թիւն­ներ: Կանգ առ­նենք մէկ քանի­ին առ­ջեւ:
44 օր շա­րու­նակ «Յաղ­թե­լու ենք»ը 10 Նո­յեմ­բե­րին «պարտ­ուե­ցանք»ով փո­խա­րի­նած իշ­խա­նու­թիւնը գի­տէր, թէ ինչ­պի­սի աղէ­տի մատ­նած էր Հա­յաս­տան-Ար­ցախն ու ամ­բողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հը (եթէ այ­սօր կայ մէ­կը, որ չի գի­տակ­ցիր այդ աղէ­տին տա­րո­ղու­թիւնն ու հե­ռա­հա­սու­թիւնը, ո՛վ է անոր արա­րիչն ու պա­տաս­խա­նա­տուն, կր­նանք պար­զա­պէս ըսել, թէ «խօսք չհասկ­ցո­ղին խօսք հասկց­նե­լը ան­կա­րե­լի բան է»), ու­րեմն, սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին, դի­մեց այ­լան­դակ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, յայ­տա­րա­րե­լով, որ «չենք պարտ­ուած՝ այն­քան ատեն որ պարտ­ուած չենք զգար», յե­տոյ աշ­խու­ժօ­րէն ձեռ­նար­կեց ամէն պա­տաստ­խա­նա­տուու­թիւն ու­րիշ­նե­րու ու­սին նե­տե­լու ար­շա­ւին: Փաս­տը այն էր որ, դժ­բախ­տա­բար եւ ցա­ւալի­օ­րէն, կորսն­ցու­ցած (նուէր տուած) էինք Ար­ցա­խի մե­ծա­գոյն բա­ժի­նը, տուած էինք հա­զա­րա­ւոր զո­հեր (հի­մա տե­սու­թիւն­ներ կան, որ այդ զո­հա­բե­րու­թեան նպա­տակ­նե­րէն մէկն ալ, ընդ­հա­նուր տա­րա­զա­ւո­րու­մին մէջ, բա­նա­կին իմաս­տազր­կումն ու կազ­մա­քան­դումն էր),  ու­նե­ցած էինք նիւ­թա­կան եւ այլ ահա­ւոր կո­րուստ­ներ: Պա­տե­րազ­մի օրե­րուն, ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նա­պէս գի­տակ­ցած էին, թէ դէպ­քե­րը ո՛ւր կը տա­նին եւ, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով մաս­նա­կի հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը մէկ­դի ձգե­լով՝ ընդ­հան­րա­կան վտանգ­նե­րը մի­աց­եալ ճի­գե­րով եւ կեց­ուած­քով դի­մագ­րա­ւե­լու կեց­ուած­քին՝ կանգ­նած էին ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ կող­քին, եւ սա­կայն, իմաս­տուն եւ գի­տակ քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու եւ զի­նուո­րա­կան­նե­րու նման, իրենց դի­մաց գտած էին իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն մեր­ժումն ու ար­հա­մար­հան­քը: Եթէ այդ օրե­րը մոռ­ցող­ներ (կամ մոռ­նալ ու­զող­ներ) կան, այս քա­նի մը տո­ղը կ’ար­ձա­նագ­րենք յի­շո­ղու­թեանց զս­պա­նակ­նե­րը իւ­ղո­տե­լու դի­տա­ւո­րութ­եամբ:
Պա­տե­րազ­մի աւար­տէն կարճ ատեն մը ետք, իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը յս­տա­կաց­նե­լու եւ ապի­կար­նե­րը իշ­խա­նու­թեան ղե­կէն հե­ռաց­նե­լու ար­դար կո­չե­րը ըն­թացք առին: «Հայ­րե­նի­քի փր­կու­թեան շար­ժում»ը, առանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու, յայ­տա­րա­րեց, որ ան­դուն­դէն վեր ել­լե­լու մի­ակ ձե­ւը՝ կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րումն է, ապա՝ իշ­խա­նու­թեան բե­րել ատակ եւ գի­տակ հայ­րե­նա­սէր­ներ, որոնց­մով կազմ­ուէր ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, որ­պէս­զի աղէ­տին ան­մի­ջա­կան դար­ման­նե­րէն ետք, կա­րե­լի ըլ­լար նա­եւ ստեղ­ծել՝ երկ­րին բո­լոր ձեռ­քերն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու ատակ՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մը ընտ­րու­թեան մթ­նո­լոր­տը: Պէտք է վեր­յի­շել, թէ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը (որոնց­մէ մէկ քա­նին յե­տոյ անաղ­մուկ դուրս եկան մի­աս­նա­կան ճա­կա­տէն) յայ­տա­րա­րած էին, թէ հար­ցը աթո­ռակ­ռիւ չէ եւ չի կր­նար ըլ­լալ այդ փու­լին, բո­լորս մի­աս­նա­բար կը կանգ­նինք ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԸ ՓԸՐ­ԿԵ­ԼՈՒ կամ ԿՈՐՍՆՑ­ՆԵ­ԼՈՒ ԵՐ­ԿԸՆՏ­ՐԱՆ­ՔԻՆ առ­ջեւ:
Իշ­խա­նու­թեան հա­կա­շար­ժու­մը շու­տով թափ ստա­ցաւ: Վերս­տին հրա­պա­րակ նետ­ուե­ցան նախ­կին­նե­րուն «գող-աւա­զակ­ներ» ըլ­լա­լու, բա­նակն ու եր­կի­րը կո­ղոպ­տած ըլ­լա­լու եւ պա­տե­րազ­մին մէջ մեր կրած պար­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն ըլ­լա­լու «վար­կած­ներ»ը: Նախ­կին­նե­րը բնա­կա­նա­բար ու­նե­ցած են բա­զում թե­րու­թիւն­ներ, վնա­սա­րար ըն­թացք­ներ, սա­կայն ո՛չ մէ­կը մտա­ծեց հարց տալ, թէ այն ինչ­պէ՞ս պա­տա­հե­ցաւ, որ Սեպ­տեմ­բեր 27-ին պայ­թած պա­տե­րազ­մէն միայն քա­նի մը ամիս առաջ, նոյն բա­նակն էր որ յաղ­թա­կա­նօ­րէն ետ մղած էր Տա­ւու­շի վրայ ազեր­ի­ա­կան յար­ձա­կու­մը (եթէ 2016-ը նկա­տենք «հե­ռու անց­եալ»), նոյ­նինքն վար­չա­պե­տին կող­մէ որակ­ուած էր շր­ջա­նի ամէ­նէն մար­տու­նակ բա­նա­կը, շքան­շան­ներ բաշխ­ուած էին հե­րոս­նե­րուն, իսկ Ար­ցա­խի նա­խա­գահն ու անոր կող­քին կանգ­նող­նե­րը հա­ւաս­տած էին, թէ Ար­ցա­խի սահ­ման­ներն ու եր­կին­քը լա­ւա­պէս պաշտ­պան­ուած են: Եթէ այդ­պէս չէր, ու­րեմն այ­սօր կա­րե­լի է խղ­ճի ամե­նայն… ան­հանգս­տութ­եամբ հե­տեւց­նել, որ սու­տին պո­չը այդ օրե­րուն սկ­սած էր աճիլ:
Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու ար­դար պա­հանջ­ներն ու հա­յու­թեան շո­գե­կառ­քը ըստ կա­րել­ւոյն իր ուղի­ին վե­րա­դարձ­նե­լու ճի­գե­րը, գի­տենք, թէ ին­չի՛ մատն­ուե­ցան: Ծայր առաւ «ընտ­րու­թիւն­նե­րը անհ­րա­ժեշտ չեն, անհ­րա­ժեշտ են»ի ետ-յա­ռաջ «Քո­չա­րի»ն: Եւ յան­կարծ, վար­չա­պե­տը խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն պե­տե­րը եւ անոնց հետ հա­սաւ ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մա­ձայ­նու­թեան: Այլ խօս­քով, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն գո­նէ մէ­կը, որ պա­տե­րազ­մէն ամիս­ներ առաջ հրա­պա­րա­կը փո­թոր­կած էր յան­դուգն եւ ար­դար պա­հան­ջով մը, ըսե­լով, որ եր­կի­րը ամէն տե­սա­կի վնա­սի մատ­նած եւ վտանգ­նե­րու տա­նող կա­ռա­վա­րու­թիւնը պէտք է հրա­ժա­րի, յե­տոյ ձայ­նակ­ցած էր ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թեան ան­վի­ճե­լի տե­սա­կէ­տին, ահա ըն­դու­նեց Փա­շին­եա­նի հո­վանի­ին տակ ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ընտ­րան­քը: Այդ ուղ­ղու­թեան յա­րե­ցաւ նա­եւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, որ պա­տե­րազ­մի աւար­տէն կարճ ատեն մը ետք, ձայ­նակ­ցած էր վար­չա­պե­տի հե­ռաց­ման հա­մընդ­հա­նուր պա­հան­ջին (չթ­ուենք, թէ որոնք էին պա­հան­ջող­նե­րը: Անոնք աթո­ռա­մոլ չէ­ին, այլ սե­ւե­ռա­կէտ ու­նէ­ին հայ­րե­նի­քի փր­կու­թիւնը): Ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րը փոր­ձե­ցին կա­րե­լին, սա­կայն իշ­խա­նու­թեան եւ անոր յա­րող­նե­րուն լծակ­նե­րը գոր­ծե­ցին աւե­լի՛ ազ­դու (չար­հա­մար­հենք դուր­սե­րէն եւ վա­րա­գոյր­նե­րուն ետե­ւէն եկող «խրատ­նե­րը»…):
Ու մինչ ընտ­րա­պայ­քա­րի բե­մը կը պատ­րաստ­ուէր, յան­կարծ աշ­խու­ժա­ցաւ նոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հաս­կա­քաղ մը, որուն ցան­քը սկիզբ առած էր վա­ղուց, մէկ մա­սը՝ 2018-ի իշ­խա­նա­փո­խու­թեան զու­գա­հեռ: Հի­մա, ընտ­րու­թին­նե­րէն ետք, մաս­նա­ւո­րա­բար Գ. Ծառուկ­եա­նի եւ Է. Մա­րուք­եա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ազատ ժա­մա­նակ ու­նին յա­րա­լէզ­ներ կան­չե­լու եւ կշ­ռա­դա­տե­լու, թէ ուղ­ղա­կի եւ անուղ­ղա­կի ձե­ւե­րով ի՛նչ բա­ժին ու­նե­ցան այ­սօր­ուան վի­ճա­կին ստեղծ­ման մէջ, սկ­սե­լով Փա­շին­եա­նի ձախ­լիկ վար­քա­գի­ծին դէմ հա­սուն­ցած՝ հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգ­նու­մի շար­ժու­մին տկա­րաց­ման եւ աղ­ճատ­ման իրենց «ներ­դրում»էն:
ԱՆԱԿՆ­ԿԱԼ, ՈՉ ԱՆԱԿՆ­ԿԱԼ
Աւե­լի չխո­րա­նանք եւ չման­րա­մաս­նենք ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խն­թաց իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, «զի բա­զում են… ու անա­սե­լի…»: Հի­մա, մաս­նա­ւո­րա­բար ընդ­դի­մա­դիր զօ­րա­կա­յա­նին մէջ, զրոյց­նե­րը կը զար­գա­նան եր­կու գլ­խա­ւոր գի­ծի վրայ: Ոմանք կ’ըսեն, որ այս ար­դիւնք­նե­րը անակն­կալ չեն, որով­հե­տեւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ի սկզ­բա­նէ շեշ­տած էին եւ մին­չեւ վեր­ջին պահն ալ կրկ­նե­ցին, որ պարտ­ուած եւ աղէ­տի տա­նող իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յութ­եան կա­րե­լի չէ ար­դար ընտ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պել, որով­հե­տեւ (ինչ­պէս որե­ւէ իշ­խա­նու­թիւն) աթո­ռը պա­հող­նե­րը կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը առա­ւե­լա­գոյնս պի­տի լծեն յօ­գուտ իրենց վե­րա­դար­ձին (եւ այդ նա­խա­տե­սու­թիւնը հաս­տատ­ուե­ցաւ ան­գամ մը եւս), իսկ ու­րիշ­ներ կ’ըսեն, որ ար­դիւն­քը անակըն­կալ է, որով­հե­տեւ՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն տար­բեր պի­տի ըլ­լար, եթէ տե­ղի չու­նե­նա­յին բազ­մա­ճիւղ խար­դա­խու­թիւն­նե­րը: Բնա­կա­նա­բար կը սպաս­ուի, որ այս փաս­տե­րը մէկ­տեղ­ուին եւ խորհր­դա­րան մտ­նե­լու իրա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րը անոնց հի­մամբ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան դի­մեն (այս կամ այն ակն­կա­լու­թեամբ կամ… ոչինչ ակն­կա­լե­լով), անոնց քայ­լե­րը ար­ձա­գանգ գտ­նեն դուրս մնա­ցող­նե­րէն (եթէ անոնք ար­դէն իսկ այլ հաշ­ուար­կնե­րով չեն «զի­նուո­րագր­ուած»…)
Ինչ որ ալ ըլ­լան յա­ռա­ջի­կայ ժա­մե­րու եւ օրե­րու զար­գա­ցում­նե­րը (այ­սօր 24 Յու­նիս է), նո­րաս­տեղծ պատ­կե­րը ըստ բա­ւա­կա­նին յս­տակ է. իշ­խա­նու­թիւնը, հա­կա­ռակ իր բո­լոր յո­խոր­տանք­նե­րուն, փաս­տօ­րէն հս­կա­յա­կան նա­հանջ կրած է, իր ապա­հո­ված՝ նուազ թիւով աթոռ­նե­րէն ան­կախ, քու­է­ար­կու­թեան չմաս­նակ­ցող մե­ծա­մաս­նու­թեան պատ­կե­րը ցոյց կու տայ, որ հի­աս­թա­փու­թիւնը միայն ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն եւ «հի­նե­րուն» պատ­ճա­ռով չէ…
Եր­կու բառ՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը գնա­հա­տող օտար դէ­տե­րու վկա­յու­թեանց մա­սին. ծա­նօթ է, որ անոնք ընտ­րա­խախ­տում­ներ չեն ար­ձա­նագ­րած, անոնց վկա­յութ­եանց հի­մամբ ալ, զի­րենք առա­քող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը. ձա­խա­ւեր վար­չա­պե­տին ան­ձին ուղղ­ուած շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը հազ­ուա­դէպ էին (Արա­յիկ Յա­րու­թիւն­եա­նի շնոր­հա­ւո­րան­քը այ­լա­պէս փո­թո­րիկ եւ դժ­գո­հու­թեան ալիք ստեղ­ծեց Ար­ցա­խի մէջ…): Ու­շագ­րաւ էր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ եւ իրա­ւա­գէտ մտա­ւո­րա­կա­նի մը մատ­նան­շու­մը. ան բա­ցատ­րեց, որ օտար դէ­տե­րը միշտ ալ նման գնա­հա­տա­կան­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած են ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Անոնց­մէ մէ­կը տա­րի­ներ առաջ, առի­թով մը փսփ­սա­ցած է, թէ տար­բեր բան պէտք չէ սպա­սել իրենց­մէ, որով­հե­տեւ ի վեր­ջոյ հրա­ւիր­ուած են… իշ­խա­նու­թեան կող­մէ: (Իսկ թէ նման գնա­հա­տում­նե­րուն մէջ դր­կից եւ հե­ռա­կայ դր­սե­ցի­նե­րու հա­շիւ­նե­րը ի՞նչ բա­ժին ու­նին՝ ատի­կա ար­դէն բո­լո­րո­վին այլ հարց է):
Սպա­սե­լով, որ Ընտ­րա­կան կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բը (որուն իշ­խա­նու­թեանց մօ­տիկ ըլ­լա­լը կաս­կա­ծէ վեր է) շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­պա­րա­կէ պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը (իսկ ընդ­դի­մա­դիր­ներն ալ յս­տա­կաց­նեն իրենց կեց­ուած­քը), Հա­յաս­տա­նի մէջ այժմ կը տի­րէ «եղա­ծը եղած է, յա­ռաջ նա­յինք»ի տրա­մա­բա­նու­թիւն մը, հո­գե­վի­ճակ մը: Այս տե­սու­թիւնը ար­դար է որոշ չա­փով, որով­հե­տեւ անց­եա­լին կառ­չի­լը կ’իմաս­տազր­կէ եւ կ’ամ­լաց­նէ ամէն աշ­խա­տանք, մինչ­դեռ յետ-պա­տե­րազմ­եան եւ նա­խընտ­րա­կան մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու թողլք­ուած դաշ­տե­րը ան­փո­փոխ կը մնան լայն­քին-եր­կայն­քին (գե­րի­ներ, սահ­մա­նա­յին հար­ցեր, դա­տա­վա­րու­թիւն­ներ, տն­տե­սու­թիւն, կր­թա­կան-մշա­կու­թա­յին հար­ցա­կան­ներ…), կը կա­րօ­տին ԲՈ­ԼՈ­ՐԻՆ ՁԵՌ­ՔԵ­ՐՈՒՆ ՄԻ­ԱՑ­ՄԱՆ: Սա առան­ձին քն­նար­կելի հարց է ար­դէն (յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան