Այս օրե­րուն, Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­մար­եա՛ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ, երկ­րոր­դա­կա­նի աւար­տա­կան կար­գի հունձքն է, այ­սինքն՝ պտ­ղա­բե­րու­մը. այլ խօս­քով՝ Պա­քա­լոր­իա­յի աշա­կեր­տու­թեանց մի­ամ­եայ մղ­ձա­ւան­ջա­յին տա­րեշր­ջա­նի մը ար­գա­սա­բե­րու­մը: Յա­ջո­ղու­թիւն՝ բո­լո­րին, սա­կայն հե­տաքրք­րու­թիւնս կը սե­ւե­ռեմ «Պա­քա­լոր­իա» բա­ռի ար­մա­տին ու կազ­մու­թեան վրայ: Ըստ ամե­նա­գէտ «Google»ի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թեան՝ յու­նա­րէն «baccalaureate» բառն է, որ կը նշա­նա­կէ դափ­նեպ­տուղ (laurel berries): Բայց դափ­նին ին­չո՞վ կ’առնչ­ուի մարդ­կա­յին յա­ջո­ղու­թեան: Դժ­ուար չե­ղաւ գիտ­նալ, պրպ­տում­ներս ար­դիւ­նա­ւոր­ուե­ցան:
Հին պատ­մա­կան լու­սան­կար­նե­րու մէջ յա­ճախ կը նկա­տենք, որ հռո­մ­է­ա­ցի զօ­րա­վար­ներ դափ­նեպ­սակ կը կրէ­ին իրենց ճակ­տին, որ­պէս ու­ժի, պատիւի եւ յաղ­թու­թեան խորհր­դա­նիշ (թէ­եւ Յուլի­ոս Կե­սա­րի պա­րա­գա­յին կ’ըս­ուի թէ ան իր ճա­ղատ գլու­խը ծած­կե­լու նպա­տա­կով կը կրէր դափ­նեպ­սա­կը): Նա­եւ հա­մա­ձայն հռո­մ­է­ա­կան աւան­դու­թեան, դափ­նեպ­սակ կը շնորհ­ուէր գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս բա­ցա­ռիկ ներդ­րում ու­նե­ցող ստեղ­ծա­գործ բա­նաս­տեղծ­նե­րու:
Յու­նա­րէն «Daphne», հա­յե­րէն՝ դափ­նին մշ­տա­դա­լար տե­րեւ մըն է եւ քրիս­տո­նէ­ու­թեան մէջ՝ Յի­սու­սի հրա­շա­փառ յա­րու­թեան նա­եւ խա­ղա­ղու­թեան խորհր­դա­նի­շը: Դափնիի մա­սին կը պատմ­ուի նա­եւ գե­ղե­ցիկ աւան­դու­թիւն մը: Յու­նահ­ռո­մ­է­ա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան մէջ  Դափ­նէն գե­ղե­ցիկ յա­ւեր­ժա­հարս էր, որուն կը սի­րա­հար­ուի չաստ­ուած­նե­րու հայր՝ Ապո­ղո­նը (Apollo): Կը պա­տա­հի, որ վեր­ջինս կը հան­դի­պի Դափ­նէ­ին, սա­կայն ան կը խոր­շի ան­կէ ու կ’աղեր­սէ չաստ­ուած­նե­րուն որ պաշտ­պա­նեն զինք: Ան­սա­լով չք­նաղ դի­ցուհիի աղեր­սան­քին, չաստ­ուած­նե­րը կը մի­ջամ­տեն եւ յան­կարծ կը թմ­րին Դափ­նէի մարմ­նին ան­դամ­նե­րը, մա­զե­րը՝ տե­րեւ­նե­րու, իսկ դէ­պի եր­կինք կար­կա­ռած ձեռ­քե­րը ճիւ­ղե­րու կը վե­րած­ուին: Խո­րունկ վիշ­տը սր­տին, Ապո­ղոն կը գր­կէ դափ­նե­ծառ դար­ձած Դափ­նէն եւ ծա­ռին կե­ղե­ւին տա­կէն կը լսէ անոր սր­տի տրո­փիւնը ու կ’ըսէ.
– Թող այ­սու­հե­տեւ միայն քու ճիւ­ղե­րուդ պսա­կը զար­դա­րէ գլուխս, եր­բեք չթոշ­նի կա­նաչդ: Յա­ւերժ դա­լար մնաս:
Առաս­պե­լը յա­ճախ ներշն­չած է ար­ուես­տա­գէտ­ներ, որոնք իրենց ար­ուես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նիւ­թը դար­ձու­ցած են այս մերժ­ուած սի­րոյ պատ­մու­թիւնը (իտա­լա­ցի քան­դա­կա­գործ Ժի­ան Լո­րէն­զօ Պէր­նինիի «Apollo and Daphne» մար­մար­եայ քան­դա­կը, կերտ­ուած 1622-1625 թուա­կան­նե­րուն):
Քանի մը մի­ջերկ­րա­կան­եան ակունք­նե­րով գի­տա­կան հաստատումներ այս տե­րե­ւին մա­սին: Հա­մա­ձայն կա­տար­ուած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու, դափ­նին հա­րուստ է հան­քա­յին նիւ­թե­րով, ու­նի հան­դար­տե­ցու­ցիչ յատ­կու­թիւն եւ մե­ծա­պէս կը նպաս­տէ անք­նու­թե­նէ տա­ռա­պող­նե­րուն: Խոր­հուրդ կը տր­ուի նա­եւ ամէն օր այ­րել դափ­նիի տե­րեւ մը, զա­նա­զան նպա­տակ­նե­րով: Քիմ­ի­ա­կան օգ­տա­շատ նիւ­թեր պա­րու­նա­կող դափ­նիի տե­րե­ւին այ­րած պա­հուն ան­կէ կ’ար­տադր­ուի ծուխ մը, որուն ներշն­չու­մը կը հան­դար­տեց­նէ մարդ­կա­յին միտքն ու մար­մի­նը, յոգ­նու­թիւնը կը փա­րա­տէ ու կը վե­րաց­նէ աւե­լորդ մտա­տան­ջու­թիւնը:
Հե­տաքրք­րա­կան գի­տե­լիք մը եւս … դափ­նիի տե­րե­ւին վրայ գրե­ցէք ձեր ցան­կու­թիւնը, ապա այ­րե­ցէք, երե­ւա­կա­յե­լով որ ար­դէն մու­խի կեր­պա­րան­քով եր­կինք բարձ­րա­ցած ձեր իղ­ձը կը մի­ա­ձուլ­ուի տի­ե­զեր­քին հետ, նպաս­տե­լով անոր իրա­կա­նաց­ման: Մի՛ մոռ­նաք նա­եւ միշտ դափ­նիի տե­րեւ մը կրել ձեր դրա­մա­պա­նա­կին մէջ եւ հա­ւա­տա­ցէք որ հարս­տու­թիւնն ու առա­տու­թիւնը կ’ու­ղեկ­ցին  ձե­զի:
Կ’ար­ժէ փոր­ձել, քայլ առաջ օ՛ն …
Սիւզի Խշուաճեան