Կիրակի, 4 Յունիս 2021-ին, «Ալ Մայատին» պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ 4 յաջորդական պայթիւններ լսուեցան Սուրիոյ հիւսիսային շդջանին մէջ ապօրինաբար տեղադրուած ամերիկեան զինուորական կայաններէն մէկէն, ուր կը գտնուին ամերիկացի, բրիտանացի եւ ֆրանսացի զինուորներ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ հրթիռներ ուղղուեցան նաեւ Տէր Զօրի մէջ ԱՄՆ-ին վերահսկողոպթեան տակ գտնուող «Օմար» քարիւղային դաշտին ուղղութեամբ, ինչ որ տեղւոյն ամերիկացի զինուորներն ու քրտական ՔԱՍԱՏ խմբաւորման զինեալները սարսափի մատնեց։ Պայթումներուն հետեւանքով կայանին մէջ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան, սակայն մարդկային զոհեր չկան։