2021 ուսումնական տարեշրջանի Սուրիոյ մակարդակով Պիոներական շարժումի 38-րդ դպրոցական մրցաշարքերը տեղի ունեցան 28 Յունիսին Թարթուս քաղաքին մէջ:
45-է աւելի գիտական, գրական, գեղարուեստական եւ ճարտարագիտական տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ հմտութիւն ունեցող աշակերտներ ժամանած էին Սուրիոյ նահանգներէն:
Սոյն մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հալէպի հայկական վարժարարաններէն 17 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ընթացող մրցաշարքերուն մասնակցած էին Պաաս կուսակցութեան Թարթուս մասնաճիւղի քարտուղար, դոկտոր Մուհամմետ Հապիպ Հուսէյնը եւ Թարթուսի ուսուցիչներու սենտիքայի ղեկավար Ահմատ Հասանը: