59 աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­ներ դժ­ուար ու եր­կար ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան մը յաղ­թա­հա­րե­լէ ետք բախ­տա­ւո­րու­թիւնը ու­նե­ցան շր­ջա­նա­ւարտ դառ­նա­լու Ազգ Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նէն, կոչ­ուե­լով «Շու­շի» հունձք։
Ար­դա­րեւ, Շա­բաթ, 3 Յու­լիս 2021-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 7:30-ին, Ազգ.Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ երկ­րոր­դա­կա­նի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ.Տէր Մա­սիս Սրբ.Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ խնա­մա­կա­լու­թեան։
Հան­դէ­սի գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րով շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցին Ար­ցա­խի դա­րար­մատ պատ­մու­թիւնը՝ հաս­տա­տե­լով անոր հայ­կա­կան էու­թիւնը։
Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լու եկած էին՝ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը, Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խա­նը, Պատ­կան Մար­մինն ու Ազգ. վար­չու­թեան  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ՀՄԸՄ-ի եւ Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդր.վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հա­լէ­պա­հայ մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թիւնը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու տնօ­րէ­նու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն ծնող­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը։
Հան­դէ­սի բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը եր­գե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Սուր­իոյ քայ­լերգ­նե­րը, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Եր­ուանդ Գաս­պար­եա­նի եւ Վա­նայ Պար­մաքսզ­եա­նի։
Հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քե­րով Մեղ­րի Ստե­փան եւ Սալ­բի Մա­թոս­եան յայտ­նե­ցին, որ այ­սօր կը փա­կեն իրենց կեան­քի գե­ղեց­կա­գոյն էջե­րէն մէ­կը՝ Ճե­մա­րա­նի ու­սում­նա­ռու­թեան էջը, ուր սոր­վե­ցան գի­տու­թիւն, ձգ­տում­նե­րու իրա­կա­նաց­ման հա­մար ան­դուլ աշ­խա­տանք, ինք­նավս­տա­հու­թիւն եւ ըն­կե­րա­սի­րու­թիւն։ Ապա անոնք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին ծնող­նե­րուն, ու­սուց­չա­կան կազ­մին ու տնօ­րէ­նու­թեան իրենց ան­սա­կարկ ճի­գե­րուն հա­մար, խոս­տա­նա­լով, որ շր­ջա­նա­ւարտ սե­րուն­դը ու­սում­նա­կան իր ճամ­բան պի­տի շա­րու­նա­կէ բարձր պա­հե­լով ճե­մա­րա­նի անու­նը։
Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բը յա­ջոր­դա­բար Ար­ցա­խի նուիր­ուած հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի։
Ապա խումբ մը շր­ջա­նա­ւարտ­ներ պատ­մե­ցին Ար­ցա­խի պատ­մու­թիւնը՝ հա­յե­րէն, արա­բե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։ Այլ  շր­ջա­նա­ւարտ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Շուշիի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը եւ անոր ար­ժէ­քը։ Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը գու­նա­ւո­րե­ցին աս­մուն­քե­լով՝ «Ար­ցա­խի Լեռ­նե­րի Լե­գենդ»ը, որ­մէ ետք շր­ջա­նա­ւարտ­ներ Ար­փի Գէ­որգ­եան եւ Նա­նոր Պո­տիկ­եան մե­ներ­գե­ցին «Հե­րոս Տղեր­քը Մեր»ը։
Այլ շր­ջա­նա­ւարտ­ներ արա­բե­րէն փունջ մը հայ­րե­նա­սի­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին հան­դէպ  իրենց տա­ծած սէրն ու երախ­տի­քը յայտ­նե­ցին։
Հա­յե­րէն ու­ղեր­ձով շր­ջա­նա­ւարտ Ար­փի Գէ­որգ­եան նկա­րագ­րեց իր սե­րուն­դին ապ­րում­ներն ու կրած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, ու­սում­նա­կան ծանր աշ­խա­տան­քին կող­քին հայ­րե­նի­քէն հա­սած լու­րե­րուն բա­նե­ցու­ցած ճն­շու­մը իրենց վրայ ու ըսաւ.
«2020-2021 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին տա­կա­ւին սկիզբն էր երբ բռն­կե­ցաւ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մը։ Պա­քա­լոր­իա­յի գիր­քը մեր մէկ ձեռ­քին, միւս ձեռ­քին լրա­հո­սե­րու հա­մա­ցան­ցա­յին էջե­րը՝ անք­թիթ կը հե­տե­ւէ­ինք Ար­ցա­խի լու­րե­րուն։ Մէկ ձեռ­քով թուա­բա­նա­կան խն­դիր­ներ կը լու­ծէ­ինք, միւս ձեռ­քով կը հաշ­ուէ­ինք նա­հա­տակ­նե­րու եւ ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն թիւե­րը։ Մէկ ական­ջով բնա­գի­տու­թեան, մար­դու կազմ­ուած­քին մա­սին դա­սեր կը լսէ­ինք, միւս ական­ջով Շուշիի մէջ մարդ­կութ­եան դէմ գործ­ուած ոճիր­նե­րուն բօ­թե­րը կ’ունկնդ­րէ­ինք»։
Ապա Ար­փին իր սե­րուն­դին անու­նով խոս­տա­ցաւ կա­րե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով տէր կանգ­նիլ մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն եւ Ար­ցա­խին եւ ուս­ման մէջ տե­ւա­բար  յա­ռա­ջա­նալ։ Ար­փին շնոր­հա­կա­լու­թիւն  յայտ­նեց ծնող­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ինչ­պէս նա­եւ դաստ­ի­ա­րակ Ներ­սէս Պար­սում­եա­նին, որոնք համ­բե­րա­տար հե­տե­ւե­ցան աշա­կերտ­նե­րուն ուս­ման ըն­թաց­քին եւ քա­ջա­լե­րե­ցին զի­րենք։
Արա­բե­րէն ու­ղեր­ձով Վա­նայ Արուշ­եան դի­տել տուաւ, որ այ­սօր­ուան հան­դէ­սը ար­գա­սիքն է տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քի, մա­քա­ռու­մի եւ ձգ­տում­նե­րու։ «Մենք ձեր կեան­քի պար­տէ­զին մէջ փոքր ածու մըն էինք, այ­սօր դար­ձանք ձեր հո­գին սնու­ցա­նող պտ­ղա­բեր ծա­ռեր։ Մեր պարտքն է յի­շել ձեզ եւ մոմ վա­ռել բո­լոր այն ու­սու­ցիչ­նե­րուն դի­մաց, կր­թա­կան մշակ­նե­րուն, որոնք մեզ գի­տու­թիւն տուին եւ կեան­քը ապ­րիլ սոր­վե­ցու­ցին, տնօ­րէնն­ե­րուն եւ դաստ­ի­ա­րակ­նե­րուն, որոնք մեր ու­սում­նա­ռու­թիւնը կար­գա­ւո­րե­ցին, մեր ծնող­նե­րուն, որոնք մերթ ար­ցուն­քով, մերթ ժպի­տով հե­տե­ւե­ցան մե­զի եւ քա­ջա­լե­րե­ցին, իսկ վեր­ջին մո­մը պի­տի վա­ռենք մեր երկ­րի նա­խա­գա­հին ու սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին դի­մաց, որոնք  նո­րա­րա­րու­թեան, պայ­քա­րի եւ յու­սա­լից աշ­խա­տան­քի օրի­նակ դար­ձան։ Կը խոս­տա­նանք ըլ­լալ ար­ժա­նա­ւոր սե­րունդ մը՝ մեր ու­սու­մով եւ վարք ու բար­քով»։
Այ­նու­հե­տեւ ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եան անդ­րա­դառ­նա­լով ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ զին­ուած սե­րունդ­նե­րու կերտ­ման մէջ Ճե­մա­րա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ներ­կա­յա­ցուց ճե­մա­րա­նի 2020-2021 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի  տե­ղե­կա­գի­րը, ճե­մա­րա­նի վե­րա­կա­ռուց­ման փու­լե­րը եւ տար­ուան ըն­թաց­քին աշա­կերտ­նե­րուն մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ գի­տա­կան ար­տադպ­րո­ցա­կան մր­ցում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն­ներն ու նուա­ճած մե­տալ­նե­րը։
Իր խօս­քի աւար­տին տնօ­րէ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց  բո­լոր ծնող­նե­րուն, որոնք տն­տե­սա­կան դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն մէջ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան վար­ժա­րա­նին, ապա գնա­հա­տան­քի խօսք ուղ­ղեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի  Առաջ­նոր­դին՝ իր հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րուն եւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար, ինչ­պէս Բեր­իոյ Թե­մի Ազգ.Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին, Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան եւ Ճե­մա­րա­նին նե­ցուկ կանգ­նող բո­լոր բա­րե­սի­րա­կան կող­մե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ յայ­տա­գի­րի պատ­րաս­տու­թեան նպաս­տող ու­սու­ցիչ­ներ՝ Մար­իա Գաբրի­էլ­եա­նին, Արա Մու­թաֆ­եա­նին եւ Ռու­զան Պար­սում­եա­նին։ Տնօ­րէ­նը յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Քա­լի­ֆորն­իոյ Ճե­մա­րա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ անոր Հա­լէ­պի յանձ­նա­խում­բին, Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ.Վար­չու­թեան եւ Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կի Վար­չու­թեան, Բեր­իոյ Թե­մի Նպաս­տից Յանձ­նա­խում­բին, Էօ­ժէ­նի Պետ­րոս­եան պար­գե­ւին, «Կի­լիկ­իա» հրա­տա­րակ­չա­տան, «Տոր­քաս» հաս­տա­տու­թեան, Մի­ջին Արե­ւել­քի Եկե­ղե­ցի­նե­րու Միու­թեան եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն, ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան Վար­չու­թեան իր Հա­լէ­պի եւ Աւստ­րալ­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, որոնք միշտ նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կը կանգ­նին Ճե­մա­րա­նին։ Տնօ­րէ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­եւ Ճե­մա­րա­նի պե­տա­կան տնօ­րէ­նին, ապա խօս­քը ուղ­ղե­լով շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն ըսաւ.
«Մենք ձեզ կո­չե­ցինք «Շու­շի» սե­րունդ։ «Շու­շի»ն իր մէջ կը պար­փա­կէր մեր պատ­մու­թիւնը, իսկ երբ մի­աս­նա­կան էինք յա­ջո­ղե­ցանք զայն պա­հել։ Մենք մեր նախ­կին սե­րունդ­նե­րէն մէ­կը կո­չե­ցինք «Ար­ցախ» սե­րունդ, ձեզ՝«Շու­շի», որ­պէս­զի ձեր պա­պե­րուն ճա­նա­պար­հը շա­րու­նա­կէք՝ տէր կանգ­նե­լով ձեր հայ­րե­նի­քին, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն, մայ­րե­նի լեզ­ուին։ Կը յու­սանք որ դուք կը հաս­նիք պատ­ուա­բեր նուա­ճում­նե­րու»։
Եզ­րա­փա­կե­լով տնօ­րէ­նը շնոր­հա­ւո­րեց նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տի վե­րընտ­րու­թիւնը, մաղ­թե­լով անոր ուժ եւ կո­րով՝ Սուր­ի­ան առաջ­նոր­դե­լու խա­ղա­ղու­թեան բար­գա­ւաճ ափ։
Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ ճե­մա­րա­նի պե­տա­կան տնօ­րէն Ապ­տուլ Նա­պիլ ալ Մաս­րի։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նին՝ սե­րունդ­նե­րու առողջ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ ու­սում­նա­ռու­թեան ճամ­բուն իր տա­րած յոյժ կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քին հա­մար եւ յոր­դո­րեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը յա­ռա­ջա­նա­լու մաս­նա­գի­տա­կան տար­բեր ոլորտ­նե­րու մէջ՝ վե­րա­շի­նե­լու ինչ որ պա­տե­րազ­մը քան­դեց։
Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան Վար­չու­թեան կող­մէ ատե­նա­պետ Ներ­սէս Պար­սում­եան պար­գե­ւատ­րեց Ճե­մա­րա­նի երկ­րոր­դա­կա­նի երեք կար­գե­րու առաջ­նա­կարգ հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­ներն ու շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը.
Ժ. կարգ
Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան
Արեգ Արոյ­եան
Սէր­լի Պետ­րոս­եան
ԺԱ. կարգ (գի­տա­կան բա­ժին)
Քա­րէն Գա­տէհճ­եան
Սե­լա Պա­զար­պաշ­եան
Ան­նա Աբա­րա­համ Չա­լաք­եան
ԺԱ. կարգ (գրա­կան բա­ժին)
Պօ­ղոս Կա­րա­պետ­եան
ԺԲ. կարգ (Գի­տա­կան բա­ժին 2019-2020 տա­րեշր­ջան)
Սե­սիլ Պա­զար­պաշ­եան
Սիր­վարդ Յո­վա­կիմ­եան
Սա­գօ Պա­լա­պան­եան
ԺԲ. կարգ (Գրա­կան բա­ժին 2019-2020 տա­րեշր­ջան)
Մա­րալ Ղա­զէլ­եան
Ան­նա Եղ­իայ­եան
Ան­նա Մար­իա Պիւտիւզ­եան
Պար­գե­ւատ­րու­մէն ետք  տե­ղի ու­նե­ցաւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խում՝ ձե­ռամբ ԲԵր­իոյ Հա­յոց ԹԵ­մի Առա­ջա­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, իսկ Հա­մազ­գա­յին Սուր­իոյ Շրջ.Վար­չու­թեան կող­մէ հա­յե­րէն գիր­քե­րով պար­գե­ւատր­ուե­ցան ԺԲ. կար­գի հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան մէջ բարձր գնա­հա­տա­նի­շեր ապա­հո­ված շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը: Երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով «Կի­լիկ­իա» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը «Մկր­տիչ Մկր­տիչ­եան» պար­գե­ւով (30 գիրք իւ­րա­քան­չիւր շր­ջա­նա­ւար­տի) պար­գե­ւատ­րեց միջ­նա­կար­գի երեք տա­րի­նե­րու հա­յե­րէ­նի բարձ­րա­գոյն մի­ջի­նը ապա­հո­ված շր­ջա­նա­ւարտ­ներ՝ Վա­նայ Պար­մաքսզ­եան, Վա­նայ Արուշ­եան եւ Ար­փի Գէ­որգ­եան։
Այ­նու­հե­տեւ Էօ­ժե­նի Պետ­րոս­եան պար­գե­ւը տրա­մադր­ուե­ցաւ երկ­րոր­դա­կա­նի երեք տա­րի­նե­րու աւար­տին հա­յե­րէ­նի բարձ­րա­գոյն նիշ ապա­հո­ված շր­ջա­նա­ւարտ Ար­փի Գէ­որգ­եա­նին։
Աւար­տին Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նոր­դը իր պատ­գա­մը ուղ­ղեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Տէր Մա­սիս ըսաւ, որ այ­սօր ձեր եւ մեր զա­ւակ­նե­րը ան­գամ մը եւս մկրտ­ուե­ցան ազ­գա­յին աւա­զա­նին մէջ, կոչ­ուե­լով «Շու­շի»։ «Շու­շի»ն կը մարմ­նա­ւո­րէ ե՛ւ մեր պար­տու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ մեր յաղ­թա­նակ­նե­րը, սա­կայն շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը իրենց տի­պար ըն­թաց­քով, մա­քուր նկա­րագ­րով յոյս հա­ղոր­դե­ցին, հաս­տա­տե­լով, որ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը կեն­դա­նի պի­տի մնան մեր մէջ։
«Սի­րե­լի՛ շր­ջա­նա­ւարտ­ներ,
Այ­սօր պէտք է հպարտ ըլ­լաք, որով­հե­տեւ դառ­նա­լով ճե­մա­րա­նէն շր­ջա­նա­ւարտ, կոչ­ուե­լով «Շու­շի» սե­րունդ, դուք ձեր ու­շադ­րու­թիւնը սե­ւե­ռած պի­տի պա­հէք հայ­կա­կան բռ­նագ­րաւ­ուած մեր հո­ղե­րուն, մեր Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ սուր­ի­ա­հայ նա­հա­տակ­նե­րու պատ­գա­մը պի­տի կրէք ձեր մէջ ու անով իսկ ամ­րա­ցած մտ­քի ու գոր­ծի նոր հո­րի­զոն­ներ պի­տի բա­նաք մեր բո­լո­րին դի­մաց։
Դուք ան­ցաք կեան­քի զա­նա­զան փո­թո­րիկ­նե­րէ եւ ձե­զի հետ պի­տի փո­խադ­րէք եր­կու դրա­մագ­լուխ՝ ա) պայ­քա­րէ, տագ­նա­պէ դուրս գա­լու փոր­ձա­ռու­թեան դրա­մագ­լուխ, բ) նոր յոյ­սով  կեան­քի նոր հանգր­ուան մտ­նե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեան դրա­մագ­լուխ՝ թի­ա­վա­րե­լու հո­սանքն ի վեր, մշ­տա­պէս եւ եր­բեմն առանձ­նա­բար պայ­քա­րե­լով կեան­քի փո­թո­րիկ­նե­րուն դէմ։ Հե­տեւ­եա­բար եղէք տո­կուն, ինք­նավս­տահ, եղէք ճկուն, եր­բեմն դիւա­նա­գէտ, յար­մա­րե­լու կեան­քի բո­լոր պայ­ման­նե­րուն։ Ըն­թա­ցէք յա­ռաջ եւ ծաղ­կե­ցու­ցէք ձեր կեան­քը, ձեր ըն­տա­նիք­նե­րը, մեր հա­մայն­քը, մեր հայ­րե­նի­քը եւ գի­տու­թեամբ զին­ուե­ցէք», եզ­րա­փա­կեց սր­բա­զան հայ­րը։
Պա­հը հա­սած էր ար­դէն շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու գլ­խարկ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ դէ­պի եր­կինք ար­ձա­կե­լու եւ եր­գե­րով ու ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով հրա­ժեշտ տա­լու Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նին։
Բա­րի երթ, սի­րե­լի՛ շր­ջա­նա­ւարտ ընկ­ներ-ըն­կե­րու­հի­ներ։
Անի Պօղիկեան