Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութեան և տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ 9-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, «Արարատ» սրահէն ներս։
Հանդիսութեան սրբազան հօր ընկերակցող ազգային պատուիրակութեան մաս կը կազմէին իրաւաբաններ Հուրի Ապահունի-Պօշկեզէնեան եւ Պայքար Թովմասեան:
Օրուան հանդիսավար Միրնա Տէմիրճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն, որմէ ետք Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով հանդէսին բացումը կատարուեցաւ։
Հայերէն և արաբերէն բացման խօսքեր արտասանեցին Միրնա Տէմիրճեան և պետական տնօրէնուհի Պատրիա Խտըր Սալէմ, բարի գալուստ եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթելով հանդիսատեսներուն։
Այնուհետեւ շրջանաւարտ Լոռի Մանճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան նիւթը՝ Արցախը, շեշտելով, որ անոր սրբավայրերը, որպէս հայ հոգեւոր ժառանգութեան անձայն վկաներ, կը սպասեն հայորդիներու աղօթքին։
Ապա խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին Արցախի սրբավայրերուն մասին պատմական ակնարկ, ետքը՝ Սուրիական ասպնջական Հայրենիքին նուիրուած արաբերէն ասմունք և Սուրիոյ պատմական վայրերու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ։
Հայկական հմայիչ նազպարէ մը ետք, բեմ բարձրացան խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացնելու մերօրեայ տագնապները պատկերացնող զաւեշտ մը, որ մեծ հաճոյքով ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Վարժարանիս աշակերտներէն Սիլվիա Քալմաճեան նուագեց «Սուսերամարտ»ը (դաշնամուր):
Յայտագիրին երկրորդ բաժինով բեմ բարձրացաւ շրջանաւարտ Նայիրի Պետրոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեր ականաւոր բանաստեղծներէն Յ.Շիրազի խօսքի կշռոյթին զօրութեամբ Արցախի գովքը հիւսելն ու անոր պատմական արժէքներուն բանաստեղծական ներկայացումները հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրին գլխաւոր առանցքը կազմեցին։
Ապա անդրադարձաւ բանաստեղծ Ժ. Յակոբեանի գրական բեղուն վաստակին, դիտել տալով իր բանաստեղծին բառերն ու տողերը հարազատ արտայայտիչներն են հայ ընթերցողի ներաշխարհին։
Ապա խումբ մը շրջանաւարտներ հարազատ ապրումներով մեկնաբանեցին Ժ. Յակոբեանի «Մե՛նք» և «Կա՛նք ու Կը Մնա՛նք»ը , Յ.Շիրազի «Ղարաբաղի Ողբը» և «Մեր Հողը», Վահագն Դաւիթեանի «Ուրեմն Զա՛րկ Արցախ» եւ Իւրի Սահակեանի «Ցնծա՛, Արցա՛խ Աշխարհ» հրաշալի ստեղծագործութիւններէն համադրումներ, ինչպէս նաեւ Շուշիի ազատագրման մարտերու ընթացքին իրենց երիտասարդ կեանքերը զոհաբերած մեր նորօրեայ նահատակներուն նուիրուած մէջբերումներ։
Հասած էր արդէն հրաժեշտի պահը։ Արաբերէն ուղերձ արտասանեց շրջանաւարտ Ռաշէլ Մատանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան և ուսուցչական կազմին՝ իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար ու ցտեսութեան մաղթանքներէն ետք երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին, որուն ուղղամիտ ցուցմունքներուն և հոգատար հովանիին ներքեւ հասակ կ՛առնեն երկրին ապագան կերտող սերունդներ։
Հայերէն ուղերձը արտասանեց շրջանաւարտ Կալին Գալայճեան։
Ան հաստատեց հայ դպրոցին նշմարելի դերը սերունդներու ազգային դաստիարակութեան ծիրէն ներս, ապա յաջորդ սերունդի փոքրիկ աշակերտին յանձնեց դպրոցի անլռելի զանգը, թելադրելով անոր և ընկերներուն հաւատաւոր ջահակիրները դառնալ իրենց աւանդ մնացած այս սիրելի վարժարանին։
Շրջանաւարտներու հրաժեշտի պարով հանդէսը հասած էր արդէն իր աւարտին։
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան դպրոցի տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու, ապա Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան՝ այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին շնորհաւորագիրը ընթերցելու։ Շքեղ նուագով և ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններով բեմ բարձրացան շրջանաւարտները, որմէ ետք հրաւիրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան եւ արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, կատարելու վկայականաց բաշխումը։ Ընթացքին, վարժարանիս կողմէ պարգեւատրուեցան հայերէն լեզուի գերազանց նիշ ապահոված շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ նախորդ տարուան պետական քննութեան բարձրագոյն միջին ապահոված առաջին երեք աշակերտները։ Պարգեւատրուեցան նաեւ պետական պիոներական եւ եդիտասարդակապ շարժումներու միջդպրոցական մրցանքներուն մասնակցող աշակերտները, որոնք ապահոված էին պատուաբեր արդիւնքներ։
Գերշ. Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հանդէսի պատրաստութեան բծախնդիր աշխատանքը և վարժարանիս միջնակարգի 15_րդ հունձքը անուանեց «Արցախ» սերունդ։ Ապա շրջանաւարտներուն ուղղուած հայրական իր պատգամով թելադրեց զինուիլ գիտութեամբ և կրթութեամբ, յաղթահարելու բոլոր մարտահրաւէրները և շրջանաւարտները յորդորեց իրենց կեանքի տեւողութեան ըլլալու տոկուն և ճկուն՝ յաջողութեամբ նուաճելու նորանոր բարձրունքներ։
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Մեղրիկ Ապահունի Մանճեան