Հասիչէի «Գանձասար»ի թղթակիցը յայտնեց, որ նահանգին մէջ ջուրի տագնապը ամրան տաք օրերուն սաստկացած է, Թուրքիոյ կողմէ Հասիչէի ջուր մատակարարող կեդրոնի փակման հետեւանքով։ Թրքական կողմը, համաճարակի եւ ամրան սաստիկ տաքի պայմաններուն մէջ, Հասիչէի մէկ միլիոնի հասնող բնակչութիւնը ջուրէ զրկելու անմարդկային վերաբերմունքը կը շարունակէ։ Նահանգի բնակչութիւնը առողջապահական սպառնալիքի տակ կ՚ապրի։ Բնակիչները ահազանգ կը հնչեցնեն՝ միջոցներ գտնելով թրքական կողմին ոճիրները կասեցնելու համար։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, ինչպէս նախապէս, կրկին իրազեկ դառնալով բնակչութեան ջուրի կարիքին, անհրաժեշտ օժանդակութիւնը առաքեց՝ անհրաժեշտ ջուրի ապահովման համար։