Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց Նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Մահինտիր Սինկ Քանեալի հաւատարմագիրը։ Այնուհետեւ Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ դեսպանին հետ։ Ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման շուրջ։ Մըքտատ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիոյ եւ Հնդկաստանի բարեկամական յարաբերութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց արդիւնաւէտ գործակցութեան համար։ Ապա շեշտեց, որ Սուրիան երախտապարտ է երկրի պատերազմի տարիներուն Հնդկաստանի ցուցաբերած աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար։ Իր կարգին, դեսպանը ուրախութիւնը յայտնեց Դամասկոս գտնուելուն առիթով եւ Սուրիոյ ժողովուրդին լաւ ընդունելութեան համար։ Ան շեշտեց, որ իր կարելին ի գործ պիտի դնէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան մակարդակի զարգացման գծով, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական, մշկութային եւ գիտական ոլորտներուն մէջ։