Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ին, Դամասկոսի «Ասատ» ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարիի «Սուրիան եւ Ազգային Լիկան» վերնագիրը կրող գիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքը լոյս տեսաւ «Պուսթան Հիշամ» հրատարակչատունէն։
Շնորհանդէսին ընթացքին, Սուրիոյ արտաքին գործոց Նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ խօսք առնելով յայտնեց, որ գիրքը Սուրիոյ պատմութենէն կարեւոր բաժին մը լուսարձակի տակ կ՚առնէ, յատկապէս՝ համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Ազգային Լիկային ունեցած դերը եւ անոր քայքայման պատճառները։
Յետ շնորհանդէսին, Ճաաֆարի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դիտել տուաւ, որ այս է ճշգրիտ ժամկէտը սուրիացիներուն պատմութենէն կարեւոր բաժին մը նոր ձեւով ընթերցելու։
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմը անմիջական կապ ունի գիրքին անդրադարձ կատարած փուլին հետ, որովհետեւ այն բռնատիրական բաղադրիչը, որ ազգերու լիկան արտադրեց նոյնն է, այն ինչ որ ՄԱԿ-ը արտադրեց։
Ճաաֆարի յայտնեց, որ այս գիրքը պիտի ունենայ երկրորդ հատոր եւ պիտի կրէ «Սուրիան ՄԱԿ-ի Մէջ» վերնագիրը։