Դա­տար­կու­թեան վտան­գը
Դա­տար­կու­թիւն ըսե­լով բնա­կա­նա­բար նկա­տի չու­նինք ան­գոր­ծու­թիւնը որ­քան՝ հոգի­ին դա­տար­կու­թիւնը կամ հո­գե­ւոր պա­տե­րազ­մի նկատ­մամբ թու­լու­թիւնն ու ծու­լու­թիւնը։
Եր­բեմն մարդ արա­րածը լուրջ կ’ըլ­լայ իր հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ եւ քաջ կը գի­տակ­ցի, որ իր ու սա­տա­նա­յին մի­ջեւ շա­րու­նակ եւ ան­վերջ պա­տե­րազմ մը գո­յու­թիւն ու­նի, մինչ ու­րիշ ատեն ծու­լութ­եան տե­ղի տա­լով, կը դադ­րի պա­տե­րազ­մե­լէ եւ կար­ծէք սա­տա­նա­յին հետ կռիւը դադ­րեց­նե­լու դա­շինք մը կը կն­քէ։ Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ծա­նօթ է իբ­րեւ հո­գե­ւոր գաղ­ջու­թեան եւ մեղ­քի մէջ իյ­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս, ինչ­պէս նա­եւ առաք­եալ­նե­րը, ար­թուն մնալ պատ­ուի­րե­ցին՝ ըսե­լով. «Ար­թուն մնա­ցէք եւ աղօ­թե­ցէ՛ք, որ­պէս­զի փոր­ձու­թեան մէջ չիյ­նաք» (Մտ 26.41), իսկ Պետ­րոս առաք­եալ հե­տեւ­եա­լը կը գրէ իր առա­ջին նա­մա­կին մէջ. «Ար­թուն եւ պատ­րաստ եղէք, որով­հե­տեւ ձեր թշ­նա­մին՝ Սա­տա­նան առիւ­ծի պէս մռն­չե­լով կը շր­ջի եւ կլ­լե­լու հա­մար մէ­կը կը փնտ­ռէ» (Ա.Պտ 5.8)։
Սա­տա­նան ո՛չ կը քնա­նայ եւ ո՛չ ալ զի­նա­դա­դար գի­տէ պա­տերզ­մի ըն­թաց­քին։ Անի­կա եր­բեք չի յոգ­նիր հա­ւատ­քի պա­տե­րազ­միկ­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լէ։ Այո՛, անի­կա բնաւ չի յոգ­նիր. հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ ան­ցան եւ տա­կա­ւին ան կը պա­տե­րազ­մի մարդ­կու­թեան դէմ եւ անոնց­մէ շա­տեր կը խո­ցո­տէ, բայց չի յոգ­նիր պա­տե­րազ­մե­լէ։ Մեղ­քի մա­սին Առա­կաց գիր­քին մէջ հե­տեւ­եա­լը կը կար­դանք. «Վասն զի անի­կա շա­տեր խո­ցո­տեց ու կոր­ծա­նեց, ու անոր բո­լոր մեռ­ցու­ցած մար­դի­կը զօ­րա­ւոր էին» (Առ 7.26)։ Եւ այդ մա­սին Դա­ւիթ Մար­գա­րէ­ին կեան­քին մէջ յս­տակ օրի­նակ­ներ պի­տի տես­նենք։
Աղօթ­քի եւ Պայ­քա­րի մար­դը
Դա­ւիթ Մար­գա­րէն աղօթ­քի մարդ ըլ­լա­լու կող­քին նա­եւ մարտն­չող մարդ էր։ Անի­կա պա­տե­րազ­մի մարդ էր եւ այն­պէս կը մտա­ծէր, թէ Աստ­ուած էր իրեն պա­տե­րազ­մի ար­ուես­տը սոր­վեց­նո­ղը, որուն հա­մար ալ սաղ­մոս­նե­րէն մէ­կուն մէջ հե­տեւ­եա­լը կը գրէ. «Օրհն­եա՛լ է Տէ­րը, իմ պաշտ­պան վէմս, որ ձեռ­քերս մե­նա­մար­տի կը վար­ժեց­նէ, եւ մատ­ներս՝ ճա­կա­տա­մար­տի» (Սղ 144.1)։ Ան իր ման­կու­թե­նէն ու երի­տա­սար­դու­թե­նէն ի վեր հս­կայ յաղ­թա­նա­կող մըն էր։
Դա­ւիթ նոյ­նիսկ յա­ջո­ղե­ցաւ առիւ­ծին ու ար­ջին ճի­րան­նե­րէն յափշ­տակ­ուած ոչ­խա­րը կամ գառ­նու­կը փր­կել։ Անոր վրայ հանգ­չե­ցաւ Տի­րոջ Հո­գին, երբ Սամ­ուէլ մար­գա­րէն զինք օծեց իր եղ­բայր­նե­րուն մէ­ջէն, որով­հե­տեւ Դա­ւիթ Աս­տու­ծոյ օծ­եալն էր, եւ հա­կա­ռակ ման­րա­կազմ ու փոքր ըլ­լա­լուն, ան չէր վախ­նար ո՛չ առիւ­ծէն եւ ոչ ալ պա­տա­ռող ար­ջե­րէն։ Ան նա­եւ հեզ էր, որուն մա­սին կը վկա­յէ Սո­ղո­մոն իմաս­տուն, ըսե­լով. «Յի­շէ՛, Տէ՛ր, Դա­ւի­թը եւ անոր կրած ամ­բողջ նե­ղու­թիւնը» (Սղ 132.1)։ Անի­կա իր խո­նար­հու­թիւնը պա­հեց նոյ­նիսկ առիւծն ու ար­ջը սպան­ե­լէն ետք։
(շար.2)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան