Այն պա­հուն, երբ
Ազեր­ի­ա­կան ու­ժեր 9 ամի­սէ ի վեր կը շա­րու­նա­կեն մար­սել Ար­ցա­խի մեծ մա­սը,
Ազե­րի զի­նուոր­ներ աւե­լի քան 2 ամի­սէ ի վեր ամ­րա­ցած են Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին կարգ մը հո­ղե­րուն վրայ,
Պա­քու կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ Հա­յաս­տա­նէն յա­ւել­եալ հո­ղեր գրա­ւել,
Ատր­պէյ­ճան եւ Թուրք­իա աւե­լի յա­ճա­խա­կի կը դարձ­նեն մի­աց­եալ ռազ­մա­փոր­ձե­րը,
Ազե­րի­ներ ամէնօր­եայ «սո­վո­րու­թեան» կը վե­րա­ծեն սահ­ման­նե­րուն վրայ հայ զի­նուոր­նե­րու սպա­նու­թիւնը, իսկ պաշ­տօ­նա­կան Երե­ւա­նը կը բա­ւա­կա­նա­նայ աշ­խար­հը հա­մո­զե­լով, որ «մենք բան մը չը­րինք, իրենք են կրա­կո­ղը»,
Հրա­ժար­եալ-թեկ­նա­ծու վար­չա­պե­տը ի վեր­ջոյ գիւտ մը կ’ընէ, թէ Ատըր­պէյ­ճան խա­ղա­ղու­թիւն չի ցան­կար, կը խա­փա­նէ խա­ղա­ղու­թեան եր­թը,
Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նը կը շա­րու­նա­կէ լսել խորհր­դա­րա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կեղ­ծիք­նե­րը բա­ցա­յայ­տող ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու փաս­տարկ­նե­րը (հա­ւա­տա՞նք թէ կը լսէ),
Իշ­խա­նու­թիւնը նոր թափ կու տայ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րուն, բա­ցա­յայտ դարձ­նե­լով, որ Ատր­պէյ­ճա­նէն առաջ, ի՛նք որո­շած է ընկ­ճել մաս­նա­ւո­րա­պէս սիւ­նե­ցի­նե­րուն դի­մադ­րա­կա­նու­թիւնը,
Հա­յաս­տա­նի մէջ կեն­սա­նիւ­թե­րու գի­նե­րը նոր բար­ձունք­ներ կը նուա­ճեն,
Կարգ մը երկ­րա­գոր­ծա­կան շր­ջան­ներ ջու­րի տագ­նա­պի մատն­ուած են,
(Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ան­դին) Ամե­րիկ­եան ու­ժե­րը արա­գօ­րէն կը հե­ռա­նան Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն, տեղ բա­նա­լով թր­քա­կան ու­ժե­րու,
Բնա­կան աղէտ­ներ կը հար­ուա­ծեն Եւ­րո­պա­յի արեւմտ­եան գօ­տին ու ամե­րիկ­եան ցա­մա­քա­մա­սի մէ­կէ աւե­լի շր­ջան­ներ,
Մեր ան­մի­ջա­կան շր­ջա­նին մէջ եւ շատ աւե­լի ան­դին, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան աշ­խարհ­նե­րուն մէջ, նոր «կար ու ձեւ» տե­ղի կ’ու­նե­նայ եւ մենք մե­զի կը զլա­նանք մին­չեւ իսկ հան­դի­սա­տես ըլ­լա­լու իրա­ւուն­քը,
Պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կը նոր կայս­րու­թիւն­ներ կը նուա­ճէ,
Երբ… երբ… երբ…՝
Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան լրա­տու աղ­բիւր մը, մօ­տա­ւո­րա­պէս 10 օր­ուան մէջ երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, առանց ահա­զանգ հն­չեց­նե­լու, լու­սար­ձա­կի տակ բե­րաւ աշա­կերտ­նե­րու ան­ցու­ցած քն­նու­թիւն­նե­րուն ան­բա­ւա­րար ար­դիւնք­նե­րէն ծա­գող տագ­նա­պը: (Աղ­բիւ­րը մի­ա­կը չէ):
Սկզբ­նա­պէս, հա­ղորդ­ուած էր, որ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ եւ հա­յե­րէ­նով աւան­դուող նիւ­թե­րու ար­դիւնք­նե­րը գո­հա­ցու­ցիչ չեն. յա­ջո­ղու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւնը շուրջ 46 առ հա­րիւր է: Այդ հանգր­ուա­նին, դա­սա­խօս­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ հա­յա­գի­տու­թեան կալ­ուա­ծի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ մտա­հո­գու­թիւն յայտն­ցին, աւե­լի՛ ու­ժեղ ահա­զանգ հն­չե­ցու­ցին, քան ինչ որ եղաւ Ուր­բաթ, 16 Յու­լի­սին, երբ սկզբ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւնը «բա­րե­խառն­ուե­ցաւ», թէ՝ ան­բա­ւա­րար ար­դիւնք­ներ նկատ­ուած են նա­եւ այլ նիւ­թե­րու, օրի­նակ՝ ու­սո­ղու­թեան մէջ. անց­ման հա­մե­մա­տու­թիւնը եղած է ցած, եւ սա՝ ո՛չ միայն հա­մալ­սա­րան մտ­նե­լու պատ­րաս­տուող­նե­րուն, այլ նա­եւ նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի աշա­կերտ­նե­րու պա­րա­գա­յին:
***
Եթէ պահ մը այս ան­բա­ւա­րա­րու­թիւնը դի­տենք ընդ­հան­րա­կան պատ­կե­րի մը մէջ, պէտք է ձե­ւով մը ըն­դու­նիք տր­ուած այն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը, թէ Պսա­կա­ձեւի հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով, դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կա­ղա­ցած են նա՛եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Սա­կայն եթէ ականջ տանք մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յե­րէ­նով աւանդ­ուած նիւ­թե­րուն մէջ ար­ձա­նագր­ուած նա­հան­ջին վե­րա­բե­րող ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րուն, կը տես­նենք, որ մաս­նա­գէտ­նե­րը (եւ հոս իշ­խա­նա­մէտն ու ընդ­դի­մա­դի­րը կը կանգ­նին, պէ՛տք է տես­նել, որ կը կանգ­նին նոյն խրա­մա­տին մէջ) ու­նին աւե­լի տա­րա­ծուն մտա­հո­գու­թիւն: Անոնք կը հաս­տա­տեն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ (իսկ Սփիւռ­քը, գի­տենք, բո­լո­րո­վին այլ «կեն­դա­նի» է, այս սիւ­նա­կը այդ երե­սը քն­նար­կե­լու պի­տի չծա­ռա­յէ), Հա­յե­րէն լեզ­ուի, պատ­մու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու աւան­դու­մը տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կան նա­հան­ջի մէջ է: Վե­րան­կա­խաց­ման առա­ջին տա­րի­նե­րէն ի վեր, հա­յե­րէ­նով աւանդ­ուած նիւ­թե­րու ծրա­գիր­նե­րը «չեն հա­սուն­ցած», յա­ճախ կա­մա­յա­կան դա­տում­նե­րով եւ «ընտ­րու­թիւն­նե­րով» դա­սա­գիր­քեր պատ­րաստ­ուած են (նպա­տակ չու­նինք եղած­նե­րը ամ­բող­ջո­վին փոշ­ի­ա­ցած տես­նե­լու), սա­կայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, այս ան­փու­թու­թիւնը (կը նա­խընտ­րենք մեղմ բառ մը գոր­ծա­ծել) նոր տա­րածք շա­հած է: Իբ­րեւ հիմ­նա­ւո­րում այս ախ­տա­ճա­նա­չու­մին՝ յի­շե­ցում կը կա­տար­ուի, որ «Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան» օրով, եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս եր­կու տա­րի առաջ, հա­յե­րէ­նի, պատ­մու­թեան եւ յա­րա­կից դա­սա­նիւ­թե­րու հան­դէպ ան­տար­բե­րու­թիւնը (չը­սե­լու հա­մար իրո­ղա­կան թշ­նա­ման­քը) բարձ­րա­ցաւ ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ մա­կար­դա­կի, դար­ձաւ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան վար­քա­գի­ծին մէկ տար­րը, երբ կր­թու­թեան նա­խա­րաը որո­շեց (եւ վար­չա­պետն ալ որ­դեգ­րեց), որ բարձ­րա­գոյն ուս­մանց հաս­տա­տու­թիւն­ներ մուտ­քի հա­մար, հայ աշա­կերտ­նե­րը այ­նու­հե­տեւ պար­տա­ւոր չեն այս նիւ­թե­րուն մէջ քն­նու­թիւն տա­լու եւ յա­ջո­ղե­լու: Եւ ահա, եր­կու տա­րի ետք, քա­նի մը ան­բաղ­ձա­լի գոր­ծօն­նե­րու գու­մա­րը մեր աշա­կեր­տու­թիւնը կը հասց­նէ «ան­բա­ւա­րար ար­դիւնք­ներ» ար­ձա­նագ­րե­լու մտա­հո­գիչ վի­ճա­կին:
***
Օրին, մա­մուլն ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը, նա­եւ քա­ղա­քա­կան շր­ջա­նակ­ներ, նոյ­նինքն ու­սա­նող­նե­րը ահա­գին աղ­մուկ բարձ­րա­ցու­ցին, ու­ժեղ ահա­զան­գեր հն­չե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ, Սփիւռ­քէն լս­ուե­ցան տե­ղին ար­ձա­գանգ­ներ (որով­հե­տեւ սփիւռք­ցին լաւ գի­տէ, թէ մեր վեր­ջին զօ­րա­կա­յա­նը հան­դի­սա­ցող Հա­յաս­տա­նի մէջ նման նա­հանջ, պար­տուո­ղա­կա­նու­թիւն ինչ­պի­սի՜ ազ­դե­ցու­թիւն կր­նայ ու­նե­նալ Ար­տերկ­րին վրայ, որ այ­լա­պէս դէմ յան­դի­ման է հա­յը հեղ­ձա­մահ ընող բա­զում հո­սանք­նե­րու): Պա­հանջ­ուե­ցաւ օր­ուան նա­խա­րա­րին հրա­ժա­րա­կա­նը, սա­կայն ինչ­պէս ամէն շի­նիչ պա­հանջ՝ այդ ալ ան­տես­ուե­ցաւ վար­չա­պե­տին եւ «յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն» կող­մէ, աւե­լի՛ն, նա­խա­րա­րը քիչ ետք «դա­սա­րան փո­խեց» եւ դար­ձաւ վար­չա­պե­տի խորհր­դա­կան (իսկ թէ անոր խոր­հուրդ­նե­րը ի՞նչ որա­կի կր­նան ըլ­լալ՝ եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թեան չեն կա­րօ­տիր):
Հա­մա­ճա­րա­կը, բազ­մաբ­նոյթ փո­թո­րիկ­ներ՝ հան­րաք­ուէի հարց, ազեր­ի­ա­կան յար­ձա­կում՝ Տա­ւու­շի վրայ, յե­տոյ նա­եւ 44-օր­եայ պա­տե­րազմն ու հե­տե­ւանք­նե­րը, կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­ներ եւ ցարդ շա­րու­նա­կուող զար­գա­ցում­ներ (մաս մը ար­դէն խեղ­կա­տա­կութ­եան վե­րած­ուած) ողո­ղե­ցին հրա­պա­րա­կը. ու­սում­նա­կան նա­հանջ­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յե­րէ­նով աւան­դուող նիւ­թե­րու աս­պա­րէ­զին մէջ ան­կու­մը քշ­ուե­ցան լու­սանցք­նե­րէն ալ դուրս: Եւ ահա, ու­սում­նա­կան տա­րե­վեր­ջին, քն­նու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րուն լոյ­սին տակ, ահա­զան­գը դարձ­եալ կը հն­չէ եւ… ան­մի­ջա­պէս կը խլա­նայ: Բա­ցի կր­թա­կան քա­նի մը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րու հրա­պա­րա­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն, այս մտա­հո­գու­թիւնը խեղդ­ուած կը մնայ օր­ուան քա­ղա­քա­կան-զի­նուո­րա­կան դէպ­քե­րուն հե­ղե­ղին տակ (Գեր­ման­ի­ան ու դրա­ցի եր­կիր­ները վեր­ջին օրե­րուն պա­տու­հա­սող  աղէ­տա­լի ողո­ղում­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը վա­ղը կը դար­ման­ուին, մեր «հե­ղե­ղը» կը դառ­նայ… ջր­հե­ղեղ: Կը փնտռ­ուի Նոյ մը, որ նոր Տա­պան մը շի­նէ):
***
Իբ­րեւ բնա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն՝ կր­նայ երե­սին նետ­ուիլ այն մտա­ծու­մը, որ վե­րը յի­շա­տակ­ուած դէպ­քե­րուն (եւ բա­զում այլ մտա­հո­գիչ զար­գա­ցում­նե­րուն) դի­մաց, ժա­մա­նա՞կն է ար­ծար­ծե­լու հա­յե­րէն լեզ­ուի, հա­յոց պատ­մու­թեան եւ նման նիւ­թե­րու մէջ աշա­կերտ­նե­րուն ոչ-գո­հա­ցու­ցիչ ար­դիւնք­նե­րը: Հի­մա ու­րիշ տարտ չու­նի՞նք…:
Ահա­զան­գը ո՛չ այ­սօր, ո՛չ եր­կու տա­րի առաջ, ո՛չ ալ նա­խըն­թաց տա­րի­նե­րուն ան­տե­ղի էր ու ան­ժա­մա­նակ: Այս ահա­զան­գին զու­գա­հեռ, նա­խազ­գու­շաց­ման հա­մա­հունչ կո­չեր ար­ձակ­ուած են նա՛եւ Մայ­րե­նին (մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ) հեղ­ձա­մահ ընող այլ ախ­տի մը դէմ, որ կը կոչ­ուի օտա­րա­բա­նու­թիւն՝ օտար բա­ռե­րու առատ գոր­ծա­ծու­թիւնը լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու, պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, մին­չեւ իսկ դա­սա­խօս-մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ (չմտ­նենք գրեհ­կա­բա­նու­թեան-ռամ­կա­կա­նութ­եան դաշ­տէն ներս):
Մտա­հո­գու­թիւնը, ահա­զան­գը այ­սօր աւե­լի՛ հն­չեղ է, քա­նի որ անոր մէջ ար­դէն կ’երե­ւին ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ իսկ որո­շու­մով ար­ձա­նագր­ուած նա­հա­ջին, ինք­նալ­քու­մի տա­նող ըն­թաց­քին ար­դիւնք­նե­րը: Ո՛չ ոք գի­տէ, թէ «Ինչ որ ցա­նես՝ զայն կը հն­ձես» առա­ծը որ­քա՞ն հին է, սա­կայն անի­կա Փիւ­նի­կի նման ամէն օր կը վե­րած­նի մեր այ­սօր­ուան կեան­քին մէջ, մեր հայ­րե­նի­քի՛ն մէջ, որ, ինչ­պէս շեշ­տե­ցինք ար­դէն, մեր վեր­ջին կռ­ուանն ու յե­նա­րանն է:
Այս մտա­հո­գու­թիւնը պէտք չէ դի­տել լոկ որոշ դա­սա­նիւ­թե­րու մէջ ար­ձա­նագր­ուած ոչ-գո­հա­ցու­ցիչ ար­դիւն­քե­րու, այլ զայն պէտք է տես­նել հա­յու­թե­նէ նա­հան­ջի, հայ­րե­նալ­քու­մի (գո­նէ անոր որոշ մա­սե­րէն ձեռք քա­շե­լու) եւ դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը փոշ­ի­աց­նե­լու, զա­նոնք ան­տի­րու­թեան մատ­նե­լու վար­քա­գի­ծի մը շատ աւե­լի լայն ծի­րին մէջ, որ, կրկ­նենք, ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րած­ուե­ցաւ թա­ւիշ­պատ­մու­ճա­նով հրա­պա­րակ եկած «քա­լող­նե­րու» օրե­րուն: Այս հաս­տա­տու­մին մէջ թող ո՛չ ոք «հա­կա-Հա­յաս­տան» տրա­մադ­րու­թիւն տես­նէ, որով­հե­տեւ այս իշ­խա­նու­թիւնը փաս­տեր կու­տա­կած է, որ նախ­կին­նե­րու ան­հա­ճոյ ու ան­բաղ­ձա­լի «իրա­գոր­ծում­նե­րը» ինք կը տա­րա­ծէ դէ­պի նոր հո­րի­զոն­ներ, կը փոր­ձէ հաս­նիլ նոր «նուա­ճում­նե­րու», որոնք իրո­ղա­պէս խա­ւա­րի կը մատ­նեն Հա­յաս­տա­նի բո­լոր հո­րի­զոն­նե­րը՝ ո՛չ միայն ու­սում­նա­կան, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան, բա­նա­կի-պաշտ­պա­նա­կան, տն­տե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին, ռազ­մա­վա­րա­կան եւ նոյ­նինքն հայ­րե­նի­քի տա­րածքն ու լի­նե­լու­թիւնը պահ­պա­նե­լու գե­տին­նե­րուն վրայ:
***
Մի՛շտ ալ կա­րե­լի է հարց տալ. ի՞նչ կա­րե­լի է սպա­սել իշ­խա­նու­թե­նէ մը՝ վե­րէն մին­չեւ վար, որ աւե­լի՛ հե­տա­մուտ է ար­դա­րա­միտ ու հայ­րե­նա­սէր ընդ­դի­մա­խօս­ներ հե­տապն­դե­լու, քան նոյ­նինքն Հա­յաս­տա­նէն հո­ղեր գրա­ւող ազե­րի­ներ վա­նե­լու մա­սին մտա­ծե­լու (ար­դէն գործ­նա­կան քա­րոզ­չու­թիւն կը տար­ուի, որ սահ­մա­նագ­ծու­մի «եռա­կող­մա­նի եւ օգ­տա­կար» քայ­լե­րուն լրու­մով, Ար­ցա­խը վերջ­նա­կա­նա­պէս պի­տի յանձ­նենք Ատր­պէյ­ճա­նին: Ու տկա­րա­միտ­ներս դեռ կը մտա­ծենք… Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մա­սին):
Ու­սում­նա­կան, հա­յե­ցի կր­թութ­եան հար­ցե­րը կր­նա՞ն առաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն ստա­նալ նման մար­դոց ու­ղե­ղին մէջ, երբ անոնց իւ­րա­քան­չիւր քայ­լը Հա­յաս­տա­նը կը տա­նի նոր կո­րուստ­նե­րու, կը բազ­մաց­նէ «Դա­մոկլ­եան սուր»երը, յի­շո­ղու­թեանց մէջ վե­րա­կանգ­նե­լով տաս­նամ­եակ­ներ առաջ ձե­ւա­ւոր­ուած այն «իմաս­տու­թիւնը», թէ՝ «Ի՞նչ վնաս, եթէ Հա­յաս­տա­նը վե­րած­ուի Թուրք­իոյ կամ Ռուս­իոյ (հի­մա կր­նանք աւելց­նել նա­եւ Ատր­պէյ­ճա­նի) մէկ իրո­ղա­կան նա­հան­գին, այն յոյ­սով կամ պատ­րան­քով, որ ան­կէ ետք, հայն ու Հա­յ­ա­աս­տա­նը կր­նան եր­կար գո­յա­տե­ւել, խա­ղաղ ապ­րիլ, զար­գա­նալ ու բար­գա­ւա­ճիլ»:
Այլ խօս­քով, ու­սում­նա­կան այս պատ­կե­րը պար­զա­պէս մէկ ցո­լա­ցումն է այն հա­մայ­նա­պատ­կե­րին, դէ­պի ուր կը փոր­ձեն տա­նիլ Հա­յաս­տանն ու հա­յը: Այս իշ­խա­նու­թիւնը, բա­ցա­յայտ է, ու­նի «դուր­սէն» քա­ջա­լե­րող­ներ, իսկ հա­յու­թեան մէջ նման վար­քա­գիծ ծա­փա­հա­րող­նե՜ր կան տա­կա­ւին…
Կաս­կած կա՞յ, թէ ին­չո՛ւ պէտք է բան մը բա­րե­փո­խել Հա­յաս­տա­նի մէջ, իշ­խա­նու­թիւնը օժ­տել ՀԱՅ ՊԵ­ՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ մտա­ծո­ղու­թեամբ, վա­նել այ­լա­սերողն ու ապազ­գայ­նաց­նո­ղը, դուրս գալ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն աժան եւ ամէն համ կորսն­ցու­ցած քա­րոզ­չու­թեան պա­տան­դի վի­ճա­կէն:
Ս. Մահսերէճեան