Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Նուիրման Պաշտամունք` Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի Թ. Եւ ԺԲ. կարգերուն։ Պաշտամունքը սկսաւ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին մուտքով, առաջնորդութեամբ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։

Պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, ապա Վերապատուելի  Համայնքապետ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղեց, յայտնելով որ իմաստութիւնը եւ ներքին կարողականութիւնը ընթացք կ’առնեն եւ կը բարգաւաճին, երբ  իւրաքանչիւրը ինքզինք գերազանցելու  եւ  մրցակցութեան ոգին  շարունակէ ի գործ դնել: Վերապատուելին Աստուածաշունչէն 32-րդ Սաղմոսի ընթերցանութեան ընդմէջէն Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց եւ ըսաւ, որ այս օրուան մէջ  օրհնութիւն եւ յոյս կայ.«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու, այսօր, դուք մեր բոլորին ընդառաջ ձեր աշխատանքը արդարացուցիք եւ մեր սրտերը ուրախացուցիք։ Դուք  շրջանցման հանգրուանին մէջ ըլլալով ձեր ինքնակերտումով , ջանասիրութեամբ եւ կատարելութեան ձգտելու փափաքին համաձայն թեւակոխեցիք նոր փուլ»:  Համայնքապետ Վերապատուելին հիմնուելով Աստուծոյ խօսքին դիտել տուաւ, որ  Աստուածաշունչի 32-րդ Սաղմոսի  ընթերցումով լուսարձակի տակ կ’առնուին երեք գլխաւոր բաժիններ:

«Այսօրուան Նուիրման պաշտամունքով ձեզ կը յանձնենք Աստուծոյ, որպէսզի խնայէ  չարէն եւ Աստուածային իմաստութեամբ շարունակէք այսօրուան եւ վաղուան գիտութեան ուղին: Դուք շատ լաւ արդիւնքներով հպարտօրէն ծնողներուն, եկեղեցիին  եւ կրթական մշակներուն  առջեւ կենալու արդարացի պատճառը ունիք: Բայց արդեօք այդպէ՞ս պէտք է շարունակէք ձեր ընթացքը: Արդարանալով եւ հպարտանալով յաջողութենէ յաջողութիւն կրնա՞ք անցնիլ: Աստուածային իմաստութիւնը կը թելադրէ մեզի տարբեր ձեւեր որդեգրել»:

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան յայտնեց, որ աշակերտները շրջանցման այս փուլին մէջ սխալները ուղղելու նկատմամբ իրենց ունեցած իմաստութիւնն ու ժամանակը ամբողջապէս չօգտագործելով ամենամեծ սխալը ըրին հաւանաբար կեանքի մէջ:  Ան ըսաւ, որ Աստուծոյ խօսքը այսօր կու գայ մեզի ըսելու. «Երբ մենք մեր սխալները խոստովանինք, Աստուած  ներում պիտի շնորհէ: Մարդս իրեն շնորհուած մտածողութեան իմաստութեամբ, գիտելիքներու ըմբռնողութեամբ եւ փոխ գործակցութեան հիմքերը իւրացնելով  ներում պիտի ստանայ:

Մեր ուրախութիւնը արդարացի ըլլալու համար եկէ՛ք այսօր խոստովանինք մեր մեղքերը:

Դո’ւք այս փուլէն անցնելով նոր նուաճումներու սկիզբ պիտի կատարէք:  Աստուծոյ մեզի տուած խոստումով դուք պիտի ազատագրուիք, պիտի պաշտպանուիք եւ պահպանուիք»:

Վերապատուելին եզրափակելով ըսաւ, որ Աստուծոյ մեզի տուած կեանքի ուղեցոյցին համաձայն պահպանուած եւ պաշտպանուած կ’ըլլանք.«Աստուած ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար ունի վախճանական նպատակ: Աստուծոյ սիրոյն մէջ հաստատուելով, Անոր պաշտպանութեամբ եւ պահպանութեամբ ձեր բոլոր քայլերը յաջողութեամբ կը պսակուին»:

Այնուհետեւ երկրորդականի շրջանաւարտներէն  Հայերէն ուղերձ արտասանեց Սիլվի Նարինեան, իսկ անգլերէն՝ Համբարձում Պոյաճեան։ Անոնք իրենց յարգանքը յատնեցին Բեթէլ վարժարանին, հաստատելով, որ անոր անունը անջնջելի պիտի մնայ շրջանաւարտներուն սրտերուն մէջ։ Աւարտին, անոնք երախտագիտական խօսք ուղղեցին Համայնքի խաղաղասէր, խոհեմ ու մշակութասէր հօր՝ Վերապատուելի Համայնքապետ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, որուն հովանաւորութեամբ կը վայելեն հայրական սէր, վստահութիւն եւ աջակցութիւն։ Հուսկ բոլոր շրջանաւարտներուն անունով ուխտեցին հաւատարիմ մնալ վարժարանին, անոր ջամբած հայեցի կրթութեան, քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութեան։

Պաշտամունքին ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներ Համբարձում Պոյաճեան եւ Վարուժ Նարինեան կիթառի վրայ «God Father» կտորը մեկնաբանեցին, իսկ ռուսական դասական երաժշտութեան նուագակցութեամբ հանդէս եկան Թ. կարգէն Նաղամ Թումա դաշնամուրով  եւ ԺԲ. Կարգէն Մանուէլ Միւրէգեան ֆլիւթով:

Ապա Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց զոյգ կարգերու շրջանաւարտներուն, որոնք լրջութեամբ հետեւեցան իրենց փոխանցուած գիտութեան եւ աչալուրջ հնազանդութեամբ գործակցեցան վարժարանին հետ, հետեւելով անոր ցուցմունքներուն եւ ուսումնակրթական ծրագիրներու գործընթացքին։

Պաշտամունքի աւարտին Վերապատուելին նուիրման աղօթք կատարեց, շրջանաւարտները յանձնելով Աստուծոյ, խնդրելով որ Աստուծոյ պահպանութեան մէջ ըլլան եւ  նուաճումէ նուաճում արձանագրեն եւ Բեթէլ հաստատութեան անունը բարձր պահեն: Համայնքապետ Վերապատուելիին առաքելական օրհնութեամբ Նուիրման Պաշտամունքը աւարտին հասաւ։

Պաշտամունքին յաջորդեց Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աւարտական հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175 ամեակին եւ մեծ երաժիշտ Առնօ Պապաճանեանի ծննդեան 100 ամեակին նուիրուած սոյն ելոյթը կը վայելէր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն յիշատակը։ Ապա շրջանաւարտ աշակերտներու նուագակցութեամբ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ինչպէս նաեւ Բեթէլ վարժարանի քայլերգով բացումը կատարուեցաւ հանդէսին։

Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան կատարեց բացման աղօթք, որմէ ետք Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ. կարգէն Արտաշէս Մալաքեան, իսկ արաբերէնով՝ Մարինա Ֆարահ։

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175 ամեակի «Անխախտ Պահենք Մեր Հաւատքը» Եբր. 10.23-րդ Աստուածաշնչեան համարի նշանաբանէն մեկնած  աշակերտները ամփոփ կերպով ներկայացուցին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ծնունդը եւ անոր հայ ժողովուրդի գոյութեան նպաստող բեղուն գործունէութիւնը: Անգլերէնով ներկայացուեցաւ աւետարանական օտար միսիոնարներու աշխատանքները նաեւ:

Այս բազմածաւալ եւ հարուստ պատմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է հայու անկոտրում կամքն ու ոգին, որ Համաստեղի «Հայու Ոգին» բանաստեղծութեամբ ներկայացուեցաւ աշակերտներուն կողմէ:

Արաբերէն բաժինին մէջ շրջանաւարտները ասմունքներով եւ ասոյթներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին երկրիս Վսեմաշուք նախագահին՝ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին: Ապա Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պաղեստինեան պայքարին նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:  Շրջանաւարտները ֆրանսերէն շնորհակալական խօսքերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեց իրենց ուսուցիչներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ աշակերտները խմբային երգեցողութեամբ «Սիրուն Երեւան», «حلب» եւ «Ազգ Իմ Փառապանծ» երգերու մեկնաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ «Heart & Soul» եւ Ա.Պապաճանեանի «Մեղեդի»  երաժշտական  կտորներու խմբային նուագակցութեամբ հանդէս եկան:

Պարը ըլլալով մարդկային արտայայտչաձեւի կարեւոր ցոլացումը ըլլալով Թ.կարգի շրջանաւարտները  ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին պարբերաբար իրենց ներկայացուցած հայկական եւ արաբական պարերով:

Ապա հայերէն եւ արաբերէն ուղերձներ արտասանուեցան ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներուն կողմէ։ Արաբերէն ուղերձը կարդաց Հիպա Շահին, իսկ հայերէնը՝ Մանուէլ Միւրէգեան։

Այնուհետեւ  Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Արուսեակ Հալլաճեան բեմ հրաւիրուեցաւ եւ իր խօսքը փոխանցեց:

Վերապատուելի Համայնքապետ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ,  տնօրէնուհիին եւ զոյգ կարգերու տեսուչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ  2020-2021 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխումն ու միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր կարգերուն առաջնակարգ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը։

Այնուհետեւ տնօրէնուհին յայտարարեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին իր քառամեայ ծրագիրին առնչութեամբ  կրթանպաստի արժանացող  ԺԲ. կարգի հայ լեզուի բարձրագոյն նիշ ապահովող աշակերտներուն անուննրը՝ Մանուէլ Միւրէգեան եւ Սիլվի Նարինեան ։ Ապա վարժարանին կողմէն նիւթական պարգեւ ստացան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդական կարգի պետական քննութեան առաջնակարգ աշակերտներները՝ գիտական եւ գրական բաժիններով:

Այս տարեշրջանին յատկանշական էր Vlume առցանց ընթերցանութեան ծրագիրի իրագործումը վարժարանէս ներս, որուն հանդէպ ունեցած լուրջ հետեւողականութեան համար պարգեւատրուեցաւ Դ. կարգէն Պօղոս Նանէճեան:

Ուսուցիչը ըլլալով այն ամրակուռ կաղնին անոր հովանիին տակ սերունդներ հասակ կ’առնեն եւ կը ծաղկին: Ուստի Համայնքապետ Վերապատուելիին գեղեցիկ մտայղացումով  պարգեւատրուեցան Բեթէլ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհիներ՝ Ազնիւ Եագուպեան, Մելինէ Սարգիսեան, Մարի Թաշճեան, Թագուհի Աթոքեան եւ Սոնա Մուրատեան:

Աւարտին Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, դիտել տալով, որ այսօրուան աշխարհին մէջ կրթութիւնը կարեւոր հենքը կը կազմէ  յաջողութեան:

Վերապատուելին դրուատեց, որ  Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկրորդական Վարժարանը վերնագիրն է գերազանցութեան,իրագործումներու եւ լուրջ կրթական ծրագիրներու կիրարկումին։ Այս պատճառով ալ յորդորեց ան շրջանաւարտներուն ըլլալ  քաջ եւ ինքնավստահ կեանքի բազում մարտահրաւէրներու ընդառաջ: Արդար հպարտանքով Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը Հալէպի նահանգին մէջ  գերազանցեց բոլոր վարժարանները եւ առաջնութիւն կրցաւ ձեռքբերել իր արդիւնքով, շնորհիւ նուիրեալ ուսուցչական կազմին, որ իր ողջ հմտութիւնն ու գիտելիքները աշակերտին սեփականութիւնը դարձուց։ Ան իր խօսքի աւարտին իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ․ Պաշար ալ Ասատին։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Վերջին զանգ»ով։

Լուսին Ապաճեան-ՉիլաԱբօշեան