«Արմէնփրէս».- 26 Յուլիսին,Երեւանի ժամով  ժամը 03:30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ  բացած են հայատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով  կրակը դադրեցուած է։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:

26 Յուլիսին, ժամը 11:30-էն սկսեալ, հակառակորդը հրադադարը խախտած է նաեւ հայատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, յատկապէս` Երասխի ուղղութեամբ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմած է հակազդող գործողութիւններու: