«Արմէնփրէս».-ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը 24 Յուլիսին ահազանգեր  ստացած է, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը 23 Յուլիս 2021-ին անմիջապէս ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի Սարատեղի կոչուող բնակավայրին մօտ հրաձգութիւն հրահրած են։ Այս մասին դիմատետրի  իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան:

«23 Յուլիս 2021-ին` ժամը մօտ 20:00-էն մինչեւ 00:30-ը ատրպէյճանական զինեալ ուժերը տարբեր տրամաչափի զէնքերէն փոխհրաձգութեամբ  կրակած են հայկական զինեալ ուժերու դիրքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կրակած են սարատեղի կոչուող բնակավայրի ուղղութեամբ: Սարատեղին այն վայրն է, ուր եղանակային` գարնան, ամրան եւ աշնան ամիսներուն կը բնակին  քանի մը տասնեակ քաղաքացիական բնակիչներ եւ արօտավայրի մէջ կ’արածեցնեն իրենց եղջերաւոր կենդանիները:

Բնակիչներու տեղեկացումով` կրակոցներով ատրպէյճանական զինեալ ուժերը լրջագոյն վտանգ  ստեղծած են իրենց կեանքի եւ ֆիզիքական անվտանգութեան համար, խաթարած են ողջ բնակավայրի հանգիստը: Բնակիչները ստիպուած են ողջ գիշերը պատսպարուիլ։

Կրակոցներուն պատճառով  միայն յաջորդ օրը առաւօտեան` 24 Յուլիսին, ժամը 07:00-ի սահմաններուն շրջանի բնակչութեան կովերէն մէկը ատրպէյճանական կրակոցներուն պատճառով յայտնաբերուած է սատկած վիճակի մէջ:

Նշուածէն բացի, ահազանգեր  հնչած են այն մասին, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կրակած են նաեւ  24 Յուլիսի, առաւօտեան ժամը` 11:30-էն մինչեւ 12:00-ի սահմանները:

Վերին Շորժա գիւղի Սարատեղի բնակավայրի տուները Մայիս 2021-էն ի վեր  յայտնուած են ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ուղիղ թիրախին՝ այն պահէն, երբ անոնք անօրինաբար ներխուժած են ՀՀ ինքնիշխան տարածք: Աւելին, անոնք հաստատուած են քաղաքացիական տուներու մօտ, 150մ հեռաւորութեամբ:

Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը յանցաւոր են: Սա հիմնաւորուած է ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Կութ, Սոթք, Ազատ եւ Վերին Շորժա գիւղերու անմիջական սահմանին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու վերջին օրերուն սանձազերծած կրակոցներու լոյսին տակ եւ նաեւ կ’ապացուցուի այն փաստով, որ այդ բաժինին մէջ ատրպէյճանական պարբերական դարձած կրակոցներէն վերջին ժամանկներս զոհուած կամ վիրաւորուած են ՀՀ զինեալ ուժերու զինուորական ծառայողներ:

Փաստերը ակնյայտօրէն կ’ապացուցեն, որ ՀՀ սահմանային, մասնաւորապէս` Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ վերջին օրերուն նաեւ Արարատի (օրինակ` Երասխ գիւղ) մարզերու բոլոր բաժիններուն մէջ, ուր քաղաքացիական բնակավայրերու մերձաւորութեամբ ներկայ են ատրպէյճանական զինեալ ծառայողներ, անոնց վերաբերմունքը նոյնն է` կրակոցներ, կենդանիներու գողութիւններ, խոտքաղի ու բերքահաւաքի խոչընդոտներ, սպառնալիքներ եւ այլն:

Այլ ձեւով, 23-24 Յուլիսի կրակոցները անգամ մը եւս կ’ապացուցեն, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ինքնին ներկայութիւնը ՀՀ քացաքացիական բնակավայրերու մերձաւորութեամբ, Սիւնիքի համայնքներու միջեւ ճանապարհներուն առաջնահերթութեամբ ՀՀ բնակիչներու կեանքի իրաւունքի խախտում է:

Անոնց արարքները կը խախտեն ՀՀ բնակիչներու սեփականութեան, ազատ տեղաշարժի, անասնապահութեամբ զբաղելու եւ ընտանիքի եկամուտը վաստկելու եւ միւս կենսական իրաւունքները: Անոնք կ’ոտնահարեն քաղաքացիական բնակիչներու անդորրն ու բնականոն կեանքը:

23 Յուլիսին ատրպէյճանական կրակոցներու փաստը Գեղարքունիքի մարզին մէջ պաշտօնապէս հաստատած է նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը», գրած է Թաթոյեան: