ՀՅԴ Բիւ­րո­յի երի­տա­սար­դա­կան գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­շակ Մես­րոպ­եան 28 Յու­լի­սին դի­մա­տետ­րի իր էջին վրայ գրած է. «Այ­սօր­ուան ցա­ւոտ իրա­կա­նու­թիւնը գնա­հա­տե­լով մէկ­տեղ պէտք է ար­ձա­նագ­րել.
– Չկայ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նա­մէտ իշ­խա­նու­թիւն, որ ու­նակ է պաշտ­պա­նե­լու մեր հայ­րե­նի­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը, պե­տա­կան եւ հա­մազ­գա­յին շահն ու ամ­րապն­դէ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հիմ­նա­սիւ­նե­րը:
– Չկայ հա­յաս­տան­եան լայն հա­սա­րա­կու­թիւն, որ  կþըն­կա­լէ այ­ս-օր­ուան օր­հա­սա­կան իրա­վի­ճա­կը եւ մեր պե­տա­կա­նու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած սպառ­նա­լիք­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան ծա­ւա­լը:
Կայ միայն հա­սա­րա­կու­թեան գի­տա­կից, զգօն, ազ­գա­յին զար­կե­րա­կը զգա­ցող մաս մը, որուն ու­սե­րուն դր­ուած է մեր հայ­րե­նի­քին ճա­կա­տա­գի­րը:
Այն­պէս որ վե­րոնշ­եալ տե­սա­կը պէտք է ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ուի եւ վայրկ­եան առաջ ՀԱ­ՄԱ­ՏԱ­ՐԱԾ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԴԻ­ՄԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ մի­ջո­ցով հե­ռաց­նէ ազ­գա­կոր­ծան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը»: