Շր­ջա­գա­յու­թիւն, զբօ­սանք, ճեմ եւ ճամ­բոր­դու­թիւն: Այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը կը գտ­նենք հա­յե­րէն լեզ­ուի բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ, երբ որո­նենք «պտոյտ» բա­ռին իմաս­տը:
Բառ մը, որ իր կա­խար­դա­կան նոյն ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նի մէկ տա­րե­կան երե­խա­յէն մին­չեւ հա­րիւր տա­րե­կան ծե­րունիի մը վրայ: Փոք­րիկ ման­կի­կին հա­մար իր ծնող­նե­րուն գիր­կը անց­նե­լով կամ անոնց ձեռ­քը բռ­նե­լով որե­ւէ տեղ ուղղ­ուի­լը ամե­նա­հա­ճե­լի պտոյտն է: Երբ քիչ մը մեծ­նայ իր մտ­քին ու սր­տին մէջ պտոյտ հաս­կա­ցու­թիւնը կ’ընդ­լայ­նի եւ կը սկ­սի մտա­ծել, թէ դա­սա­րա­նին մէջ դա­սա­պա­հէ-դա­սա­պահ զան­գի մը ընդ­մի­ջու­մի քա­նի մը վայրկ­եան­նե­րուն մօ­տիկ ըն­կե­րոջ գրա­սե­ղա­նին մօ­տե­նա­լը պտոյ­տի հա­մա­զօր առիթ մը կր­նայ ըլ­լալ: Պա­տա­նե­կու­թեան շր­ջա­նին ամե­նա­լաւ պտոյտ­նե­րը ըն­կե­րո­վի պտոյտ­ներն են, նոյ­նիսկ եթէ ըլ­լան դաս «սոր­վե­լու» նպա­տա­կով, իսկ երի­տա­սար­դա­կան շր­ջա­նի պտոյտ­նե­րը որ­քա՜ն քաղցր կ’ըլ­լան ու գու­նա­ւոր, որ­քա՜ն եր­կար եւ եռանդ առ­թող: Ոս­կէ տա­րի­քի պտոյտ­նե­րը ու­նին ազն­ուա­կան լր­ջու­թիւն, հո­գի­նե­րը խա­ղա­ղեց­նող եւ մտ­քե­րը հանգս­տաց­նող: Որ­քան բան մե­զի մտա­ծել կու տայ պտոյ­տը ան­կա­րի մը, որուն հա­մար սեն­եա­կի մը մէկ ան­կիւ­նէն դէ­պի միւս ան­կիւնը անց­նի­լը փա­ռա­ւոր պտոյտ մըն է: Կայ նա­եւ եդե­մա­կան այն պտոյ­տը դէ­պի սի­րելիի մը նե­րաշ­խար­հը, թա­փան­ցե­լով անոր հոգի­ին խոր­քե­րը, ապ­րե­լով մի­եւ­նոյն յու­զում­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը:
Մենք՝ հա­յերս, ու­նինք նա­եւ իւ­րա­յա­տուկ մեր պտոյ­տը, պտոյտ դէ­պի հայ­րե­նիք, աւե­լի ճիշ­դը՝ վե­րա­դարձ դէ­պի ակունք, որուն իբ­րեւ ար­դիւնք կը սնա­նի ու կր­կին կ’ամ­րապնդ­ուի մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը: Պտոյտ դէ­պի աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը, այս ան­գամ, հարս­տաց­նե­լու մեր մարդ­կա­յին ինք­նու­թիւնն ու ըմբռ­նում­նե­րը, իմա­նա­լով ու կի­րար­կե­լով տար­բեր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րէ նոր սո­վո­րոյթ­ներ եւ գա­ղա­փար­ներ, թէ­եւ ոչ բո­լորն են շի­նիչ ու ար­դիւ­նա­բեր:
Եւ տա­կա­ւին պտոյտ դէ­պի տի­ե­զերք, որ ար­դէն իսկ այս տա­րի պաշ­տօ­նա­կա­նօ­րէն հա­սա­նե­լի յայ­տա­րար­ուե­ցաւ անգլ­ի­ա­ցի Ռի­չըրտ Պրան­սը­նի պտոյ­տով:
Գե­ղար­ուես­տա­կան կամ գրա­կան մեր ճա­շա­կը հա­գեց­նե­լու հա­մար ալ կր­նանք պտ­տիլ հայ գրող­նե­րու աշ­խար­հին մէջ: Ըն­թեր­ցել Պա­րոն­եա­նի «Պտոյտ մը Պոլ­սոյ Թա­ղե­րուն Մէջ» եր­գի­ծա­կան ոճով հա­մեմ­ուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, կամ Ռ. Հատ­տէճ­եա­նի «Պտոյտ Հայ Գրա­կա­նու­թեան Քու­լիս­նե­րուն Մէջ»ը: Մի՛ զր­կէք դուք ձեզ գրա­կան այս պտոյտ­նե­րու հա­ճոյ­քէն եւս, որով­հե­տեւ այս պա­րա­գա­յին կը պտ­տին ձեր միտքն ու հո­գին:
Ամէ­նէն հե­տաքրք­րա­կան պտոյ­տը կը մնայ իւ­րա­քան­չիւ­րիս կեան­քի պտոյ­տը, որ իր նմա­նը չու­նի: Ոմանց հա­մար ըն­դու­նե­լի ու հա­ճե­լի, ու­րիշ­նե­րուն՝ ծան­րա­բեռն­ուած ու տան­ջա­լի:
Մե­զի կը մնայ վա­յե­լել մեր իւ­րա­յա­տուկ պտոյ­տը, մեր ինք­նու­րոյն ոճով գնա­հա­տե­լով ու վա­յե­լե­լով մեր կեան­քի իւ­րա­քան­չիւր վայրկ­եա­նը:
Պտոյ­տի մեկ­նե­ցա՞ք, թէ տա­կա­ւին… բա­րի՛ ար­ձա­կուրդ:
Անի Մինասեան