Մահ­ուամբ կանգ առաւ սիրտ մը, որ նուի­րու­մով, աշ­խա­տան­քով, հա­մակ սի­րով, յատ­կա­պէս ըն­կե­րա­սի­րու­թեամբ կը բա­բա­խէր։ Ազ­գա­յին կեան­քի մէջ բա­րի համ­բաւ ու վարկ վա­յե­լող Յա­րութ Քի­լիս­եա­նի մահ­ուան բօ­թը ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­լո­րիս՝ տա­րեց թէ երի­տա­սարդ։
1954-ին Հա­լէպ ծնած Յա­րութ Քի­լիս­եան աւար­տած էր Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­ն, ապա 1972-ին Հա­լէ­պի պե­տա­կան ու­սո­ղու­թեան հա­մալ­սա­րա­նը։
Նոյն տա­րի­նե­րուն ուս­ման կող­քին ոս­կեր­չա­կան ար­հես­տին նուիր­ուե­ցաւ ու անձ­նա­կան ճի­գե­րով երեք ան­թե­լի մէջ հիմ­նեց իր ոս­կեր­չա­տու­նը։ Ան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս ար­հես­տին մէջ մեծ համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցաւ ու դար­ձաւ այդ շր­ջա­նի նշա­նա­ւոր եւ վս­տա­հե­լի ոս­կե­րիչ Քի­լի­սը։
Յա­րութ Քի­լիս­եան ազ­գա­յին կեան­քին մէջ մտաւ նախ ՀՄԸՄ-ի շար­քե­րուն ան­դա­մակ­ցե­լով, սա­կայն մշա­կու­թա­յին իր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը զինք ուղ­ղե­ցին Հա­մազ­գա­յին հայ կր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն։ Դառ­նա­լով Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. Վար­չու­թեան ան­դամ ան աշ­խա­տանք տա­րաւ աշ­խոյժ պա­հե­լու հա­մազ­գա­յի­նը եւ նպաս­տե­լու անոր յա­ջո­ղու­թեան ու ըն­կե­րա­յին առողջ մթ­նո­լոր­տի պահ­պան­ման։
Ազ­գին ծա­ռա­յե­լու իր տեն­չը այս­քա­նով ալ չբա­ւա­րար­ուե­ցաւ։ Ան եղաւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Տն­տե­սա­կան խոր­հուր­դի, ապա ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ, ինչ­պէս նա­եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կալ։ Աչ­քի զար­կաւ իր բծախնդ­րու­թեամբ եւ խս­տա­պա­հան­ջու­թեամբ։
Հան­գուց­եա­լը ու­սում­նա­կան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ յա­տուկ գուր­գու­րանք կը տա­ծէր, միշտ կը փոր­ձէր նո­րա­րա­րու­թեամբ օժ­տել Ճե­մա­րա­նը, ամէն առիթ ըն­ծա­յել ե՛ւ աշա­կեր­տու­թեան ե՛ւ աշ­խա­տա­կազ­մին, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյ­նը ըլ­լան գա­ղու­թին մէջ, օժտ­ուին զար­գա­նա­լու եւ յա­ռաջ­դի­մե­լու բո­լոր տու­եալ­նե­րով, արդ­ի­ա­կան դա­սա­գիր­քե­րով, ու­սում­նա­կան կեան­քին պա­հան­ջած բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով։ Իր առա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալն էր պե­տա­կան եւ յատ­կա­պէս կր­թա­կան մար­զի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, որուն ար­դիւն­քով ալ շատ մը դժ­ուա­րու­թիւն­ներ դիւ­րաւ կը յաղ­թա­հար­ուէր մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։
Ըն­կե­րա­սէր էր, կը քա­ջա­լե­րէր երի­տա­սարդ ծա­ռա­յող­նե­րը եւ միշտ պատ­րաստ էր գոր­ծակ­ցե­լու անոնց հետ ազ­նուու­թեամբ, առանց պար­ծե­նալու իր տա­րի­նե­րու վաս­տա­կով։ Ազ­նիւ էր եւ ժպ­տե­րես։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն միշտ յոյս ներշն­չող, պար­զու­թիւնը սի­րող, տն­տե­սող, ծրագր­ուած աշ­խա­տող տի­պար մըն էր ան։
Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մա­կան ամէ­նէն դժն­դակ օրե­րուն ազ­գա­յին կեան­քին իր ծա­ռա­յու­թիւնը շա­րու­նա­կեց, իւ­րա­քան­չիւր դրա­կան քայլ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ ու­րա­խու­թիւն էր իրեն հա­մար, եւ այդ ու­րա­խու­թիւնը կը բաժ­նեկ­ցէր իր ան­կեղծ ըն­կեր­նե­րուն հետ, միշտ յար­գե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին յատ­կու­թիւն­նե­րը։
Պաշ­տե­լու աս­տի­ճան նուիր­ուած էր իր ըն­տա­նի­քին, իր տիկ­նոջ Ար­շո­յին, որ նոյն­պէս ազ­գա­յին կեան­քին կը ծա­ռա­յէր, եւ իր մէկ հա­տիկ աղջ­կան, որ քա­նի մը օրէն հա­մալ­սա­րա­նէն վկայ­ուե­լով պի­տի կրկ­նա­պատ­կէր իր եր­ջան­կու­թիւնը։ Ըն­տա­նի­քը սր­բու­թիւն էր հան­գուց­եա­լին հա­մար, հոն է որ կը գտ­նէր իր խա­ղա­ղու­թիւնն ու ներ­դաշ­նակ կեան­քը։
Բո­լորս պի­տի յի­շենք մեր ըն­կեր Յա­րութ Քի­լիս­եա­նը իր ծա­ռա­յա­սէր ոգի­ով, աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ եւ բա­րի ժպի­տով։
Ան պաշ­տօ­նի վրայ էր այս շր­ջա­նին եւս։ Ըլ­լա­լով ատե­նա­պե­տը Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Վար­չու­թեան, ստանձ­նած էր բա­ւա­կան ծանր բեռ մը, որ մի­եւ­նոյն ատեն քաղցր էր իրեն հա­մար։ Ամէն օր ներ­կայ էր մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ, կը փոր­ձէր յար­մա­րիլ տար­բեր սե­րունդ­նե­րու մտայ­նու­թեան, աշ­խա­տե­լա­ձե­ւին, միշտ մնա­լով խս­տա­պա­հանջ, կար­գա­պահ, կիրթ իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ նո­րա­րա­րու­թեան հե­տա­մուտ։
Տա­րի­ներ առաջ սր­տի լուրջ վի­րա­հա­տու­թեան են­թարկ­ուե­լով մէկ­տեղ չհե­ռա­ցաւ ազ­գա­յին կեան­քէն, որով­հե­տեւ կը հա­ւա­տար մեր հա­մայն­քի նե­րու­ժին, Բեր­իոյ Հա­յոց պատ­մա­կան թե­մի վե­րա­կանգ­նու­մին, ու ամէն առի­թով կը յոր­դո­րէր չյու­սա­հա­տիլ, աշ­խա­տիլ լու­սա­ւոր օրե­րու հա­ւատ­քով, քաջ իմա­նա­լով որ թե­մին առա­քե­լու­թիւնը հպար­տու­թիւնն է ողջ Սփիւռ­քին ու հա­յու­թեան, ուս­տի կան­գուն եւ յա­ռա­ջա­դէմ պէտք է պա­հել թե­մը իր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րով ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով, իր միու­թիւն­նե­րով ու յատ­կա­պէս նուիր­եալ մար­դու­ժով։
Այդ լա­ւա­տե­սու­թեամբ ալ վա­րա­կեց մեզ բո­լորս։ Իր եռանդն ու ան­վեր­ջա­նա­լի ծրա­գիր­նե­րը աշ­խու­ժու­թիւն կը թե­լադ­րէ­ին ու պի­տի շա­րու­նա­կեն թե­լադ­րել նոյ­նիսկ իր անս­պա­սե­լի մա­հէն ետք։
Յի­շա­տակդ մեզ միշտ մղէ նոր թա­փով աշ­խա­տե­լու եւ ազ­գա­յին կեան­քի երազ­ներդ իրա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու։
Հո­ղը թե­թեւ հանգ­չի վրադ, սի­րե­լի՛ պրն. Յա­րութ։ Մեր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք հան­գուց­եա­լին ըն­տա­նի­քին ու մխի­թա­րու­թիւն կը մաղ­թենք բո­լո­րին։
Կորսն­ցու­ցինք սի­րե­լի ըն­կեր մը, լու­սա­ւոր ազ­գա­յին մը, լայն սր­տով ու ծով համ­բե­րան­քով գոր­ծա­կից մը։
Աստ­ուած հո­գին լու­սա­ւո­րէ։
Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. Վար­չու­թիւն