2 Օգոստոս 2021-ին Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեան յայտարարեցին, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները Ազգային Ժողովի նախագահի քուէարկութեան եւ ընտրութեան գործընթացը պիտի վիճարկեն Սահմանադրական Դատարանին մէջ՝ նկատի առնելով, որ քուէարկութիւնը կատարուած է առանց երկու թեկնածուներուն մասնակցութեան։ Անոնք դիտել տուին, թէ քանի որ նոր գործընթաց տեղի ունեցած է Սահմանադրութեան խախտումով, իրենց խմբակցութիւնը նոյնպէս այդ գործընթացի սահմանադրականութունը պիտի վիճարկէ ՍԴ-ի մէջ։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան՝ յայտնելով, որ երէկուան տեղի ունեցածը Սահմանադրութեան 94-րդ եւ 104-րդ յօդուածներու ընթացակարգային բնոյթի խախտումներու դուռ բացաւ։