Երեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ներդրումի Բարձագոյն Խորհուրդը իր անդրանիկ ժողովը գումարեց Հուսէյն Արնուսի նախագահութեամբ։ Ժողովին ընթացքին Խորհուրդը որոշում գոյացուց նախագահ Ասատին հրապարակած ներդրումի նոր օրէնքին վերաբերող «18» թուակիր հրամանագիրին գործնական քայլերը ամենակարճ ժամանակամիջոցին իրականացնելու, առաւելագոյնը մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2021։ Խորհուրդին համաձայն, ներդրումի ծրագիր ունեցողները Սուրիական Ներդրումի Խորհուրդին կրնան ներկայանան իրենց ծրագիրներով, Խորհուրդը կը վաւերացնէ ծրագիրները եւ Ներդրումի Բարձրագոյն Խորհուրդին կը ներկայացնէ զանոնք։ Վերջինս իր կարգին ծրագիրին գործնականացման վերաբերող քայլերը կ՚ամբողջացնէ։ Բարձրագոյն Խորհուրդը շեշտեց, որ դիւրութիւններ պիտի ընծայուին բոլոր ներդրումային ծրագիրներուն, յատկապէս արդիւնաբերական շրջաններուն մէջ։ Նախագահ Ասատին հրապարակած ներդրումի նոր օրէնքին նպատակն է նեդրումի նոր եւ քաջալերելի մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի դրամագլուխներ Սուրիա ներգրաւուին, արտադրութեան հորիզոնը ընդլայնի եւ աշխատանքի առիթները աւելնան, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ։