Երեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2021-ին, սուրիական վառելանիւթի ընկերութեան տնօրէն Իսա Իսա «Ուաթան Անլայն» ի թղթակիցին յայտնեց, որ նախօրօք ընկերութեան յայտարարած 50 լիթր մազութը պիտի տրամադրուի «խելացի քարտերու» միջոցաւ մազութի պահանջ արձանագրած 3 միլիոն եւ 800. 000 ընտանիքի, նախքան 2021-ի աւարտը, որպէս առաջին փուլ։ Երկրորդ 50 լիթրը պիտի բաժնուի 2022-ի սկիզբը, եւ ապահովուած քանակին համեմատ եւս թիւ պիտի ճշդուի։ Անդրադառնալով Կազի ապահովման, Իսա յայտնեց, որ Կազի «Տէր Աթիէ» հորին նախատեսուած արտադրութեան քանակը կը հասնի 100. 000 մեթր խորանարդի։ Այապիսով ելեկտրածին կայաններուն բաւարար չափով կազ պիտի մատակարարուի։ Ան աւելցուց որ ներկայիս, հորը բանիլ չէ սկսած, այլ փորձի տակ է։