«Արմէնփրէս».-ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալներու թեկնածուներն են իշխանական խմբակցութենէն` Ռուբէն Ռուբինեան եւ Յակոբ Արշակեան, ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութենէն` Իշխան Սաղաթէլեան: «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Քոնճորեան Ազգային Ժողովի նիստին յայտնեց, որ ՔՊ-ն ԱԺ-ի նախագահի երկու տեղակալներու պաշտօններուն առաջադրած է Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Յակոբ Արշակեանի թեկնածութիւնները: «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, որ խմբակցութեան անունով ԱԺ նախագահի տեղակալի թեկնածու առաջադրած են Իշխան Սաղաթէլեանը: ԱԺ նախագահի երեք տեղակալներէն մէկուն թեկնածութիւնը կրնայ առաջադրուիլ միայն ընդդիմադիր խմբակցութեան կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներու թիւով: ԱԺ նախագահի տեղակալները ընտրուած են գաղտնի քուէարկութեամբ, պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: