Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ’ընեն (եղեր), թէ պաշտօնաւարտ խորհրդարանը կարեւոր կտակ մը թողած է նորին՝ աշխատանքի հրաւիրել լեզուագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնu ըլլայ կազմել նոր բառարան մը:

Շշուկները մասնաւորապէս կը պտտին իշխանական պլոքի գրասենեակներուն շուրջ-բոլորը (յանձնախումբի անդամներուն պարգեւավճարը՝ ապահովուած):

Չէ՛, չկարծէք, որ բառարան կազմողներուն գործը պիտի ըլլայ մայրենին հեղձամահ ընող օտարաբանութիւններուն ցուցակի պատրաստութիւնն ու տուեալ բառերուն հայերէնի թարգմանութիւնը: Հարցը շատ աւելի լուրջ է: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ (եղեր) կազմել ցանկը այն բառերուն, որոնք անվիճելիօրէն… հայհոյանք կը համարուին: Նախորդ խորհրդարանը, ինչպէս ծանօթ է՝ իր «Կարապի երգ(եր)ը» հնչեցնելու պահուն, որդեգրեց օրէնք մը, որ պատիժի արժանի կը նկատէ հայհոյանքը, յանցաւորը կրնայ բանտ նետուիլ կամ տուգանքի ենթարկուիլ:

Հարցը հոն չէ, թէ հայհոյանքն ու զազրախօսութիւնը ի՛նչ սահմաններու հասած պէտք է ըլլան վերջին տարիներուն (եւ ասոր մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» վզին յանցանք չնետէ՜ք), որ մարդիկ հասած են նման օրէնք մը քուէարկելու ստիպողութեան: Հարցը հոն է, որ ո՞ր բառերն եւ արտայայտութիւնները պիտի նկատուին հայհոյանք:

Յանձնախումբին կազմութենէն առաջ իսկ, վախ կայ, որ անդամներուն միջեւ ծագին «Բիւզանդական վէճեր»: Հարց պիտի ծագի (եղեր), թէ արդեօք իշխանաւորներուն հասցէին նետուած՝ «սրիկայ», «ազգադաւ», «հողատու», «դաւաճան», «ստրկամիտ», «թրքահաճոյ» (քաղաքականութիւն, վարքագիծ), «ստախօս», «շահարկող», «ապիկար», «տխմար», «համբակ» եւ նման շարք մը որակումներ պէ՞տք է արձանագրել ցանկին մէջ: (Կ’ենթադրենք, որ վէճ չի կրնար ծագիլ ծանօթ հայհոյանքներուն մասին, որոնք առատօրէն կը պտտին համացանցի վրայ, յաճախ կը սպրդին նաեւ բանաւոր արտայայտութիւններու մէջ եւ անոնցմէ որեւէ մէկը հոս արձանագրելը ամօթ կը սեպենք):

Ըստ նոյն շշուկներուն, յանձնախումբին պիտի թելադրուի (եղեր), որ բանան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակներու էջերը, տեսնեն, թէ Սուլթան Համիտի գրաքննիչները ինչպիսի՞ բառեր արգիլեալ հռչակած էին. օրինակ, այդ դարաշրջանին, թերթերու մէջ «բզէզ» գրելն իսկ արգիլուած էր, որովհետեւ գրողը կրնար քողարկեալ կերպով ակնարկած ըլլալ Սուլթանին:

…Չկարծէք, որ դէմ ենք զազրախօսութեանց դադրեցման, սակայն կ’ափսոսանք, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը մանկապարտէզէն մանկամսուր «կը բարձրանայ»:

 

Ս. ՄԱՀԵՐԷՃԵԱՆ

3 Օգոստոս 2021