Բա­նա­կում բա­ռը բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ կը յիշ­ուի որ­պէս ճամ­բար կամ վրան լա­րե­լու գոր­ծո­ղու­թիւն: Ան ածան­ցա­ւոր բառ մըն է, կազմ­ուած՝ բա­նակ գո­յա­կա­նէն եւ ում ածան­ցէն:
Այս օրե­րուն վս­տա­հա­բար բո­լոր սկաուտ­նե­րուն, պա­տա­նի­նե­րուն եւ ՍԵՄ-ական­նե­րուն տան մէջ եռու­զեռ կայ: Բո­լո­րը լծ­ուած են բա­նա­կու­մի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ճամպ­րուկ­նե­րը կա­մաց-կա­մաց կը լեց­ուին, քնա­նա­լու պար­կե­րը, բա­նա­կու­մի յա­տուկ ջրա­ման­նե­րը, լու­սար­ձակ­նե­րը, հին հա­գուստ­ներն ու կօ­շիկ­նե­րը մէջ­տեղ կ’ել­լեն: Ծնող­նե­րուն վի­ճա­կը երա­նե­լի չէ այս օրե­րուն… ինչ­պի­սի կա­րիք­ներ մէջ­տեղ կ’ել­լեն…:
Եթէ բա­նա­կու­մի պի­տի մաս­նակ­ցիս, բայց այ­լե­ւայլ պատ­ճառ­նե­րով մտա­վա­խու­թիւն մը ու­նիս,կ’են­թադ­րես որ բա­նա­կու­մը հա­ճե­լի պի­տի չըն­թա­նայ, ան­հոգ եղի՛ր, եկած եմ քե­զի հանգս­տաց­նե­լու եւ փա­րա­տե­լու կաս­կած­ներդ:
Բա­նա­կում­նե­րը եղած են նոր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման վայր:
Ան­շուշտ, բո­լորս ալ կ’ու­զենք մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ նոյն տնա­կին մէջ քնա­նալ, նոյն խմ­բա­կին մէջ ըլ­լալ եւ մի­ա­սին լաւ ժա­մա­նակ ան­ցը­նել, բայց բա­նա­կում­նե­րը աւե­լի հա­ճե­լի կը դառ­նան, երբ տնա­կիդ մէջ նա­եւ այլ շր­ջան­նե­րէ մաս­նա­կից ըն­կեր­ներ ու­նե­նաս: Այս մէ­կը առիթ կ’ըլ­լայ անոր բար­քե­րուն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու, նոր բա­ռեր սոր­վե­լու եւ հա­ճե­լի յի­շա­տակ­ներ ան­մա­հաց­նե­լու:
Բա­նա­կու­մը մե­զի կը սոր­վեց­նէ չար­քա­շու­թիւն, կեան­քի դժ­ուա­րա­գոյն պայ­ման­նե­րուն մէջ գո­յա­տե­ւե­լու ճկու­նու­թիւն: Ար­դա­րեւ, մի՛ նեղ­ուիր եթէ օր­ուան ճա­շը չես սի­րեր, կամ առտ­ուան մար­զան­քը դժ­ուար կը թուի: Մի՛ հրա­ժա­րիր ճա­շէն, այլ փոր­ձէ ու­տել, այ­լա­պէս անօ­թի կը մնաս, փոր­ձէ մար­զան­քի ձե­ւը իւ­րաց­նել, կա­մաց-կա­մաց կը յա­ջո­ղիս:
Պէտք չէ մոռ­նալ բա­նա­կու­մի դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան դե­րը. այո՛, դժ­ուար է եր­կար ժա­մա­նակ, կեդ­րո­նա­ցած հե­տե­ւիլ դա­սա­խօ­սին, մա­նա­ւանդ, երբ զե­փիւ­ռը կը շո­յէ դէմքդ եւ քու­նը կը վա­զէ աչ­քե­րէդ, բայց մի՛ մտա­հոգ­ուիր, բա­նա­կու­մի օրա­կար­գը ճշ­դող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ամէ­նէն յար­մար ժա­մը նշա­նա­կած կ’ըլ­լան դա­սա­խօ­սու­թեան հա­մար, քե­զի կը մնայ լաւ մտիկ ընել դա­սա­խօ­սին նիւ­թը: Լաւ կ’ըլ­լայ եթէ ձեռ­քիդ տակ թուղթ եւ գրիչ ու­նե­նաս ու ար­ձա­նագ­րես կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը: Միւս կող­մէ բա­նա­կու­մի զրոյց­նե­րը որ­քա՜ն հա­ճե­լի կ’ըն­թա­նան, որով­հե­տեւ բնու­թեան գիր­կը մենք մեզ աւե­լի ազատ կը զգանք, աւե­լի ազատ կ’ար­տա­յայտ­ուինք եւ ժա­մա­նա­կի կաշ­կանդ­ուա­ծու­թիւն չենք ու­նե­նար, կր­նանք նոյ­նիսկ յա­ջոր­դող օրե­րուն շա­րու­նա­կել զրոյ­ցը ըն­կե­րո­վի:
Կը կար­ծեմ յի­շեց­նե­լու կա­րի­քը չկայ, որ բա­նա­կու­մին մեզ­մէ պա­հանջ­ուած է կար­գա­պահ ըլ­լալ, սա­կայն եր­բեմն ան­կա­րե­լի կ’ըլ­լայ պա­տիժ­նե­րէն խու­սա­փի­լը: Պա­տիժն ալ համն ու հոտն է բա­նա­կու­մին:  Ուս­տի երբ խումբդ պատժ­ուի, մի՛ տրտն­ջար, որով­հե­տեւ այդ­պի­սով աւե­լի պի­տի ծան­րաց­նես պա­տիժդ: Դուն քեզ հա­մա­րէ օձ մը, որ կը սո­ղայ հո­ղե­րուն մէջ, մոռ­ցիր քմ­ծի­ծա­ղով քեզ դի­տող­նե­րը, փոր­ձէ՛ ճկու­նու­թեամբ յաղ­թա­հա­րել ար­գելք­նե­րը, ապա փու­թա՛ մաք­րել երեսդ եւ ձեռ­քերուդ կպ­չած հո­ղէն:
Բա­նա­կու­մի ամէ­նէն հա­ճե­լի պա­հը խա­րու­կա­հան­դէ­սէն ետք  խրախ­ճանքն է, երբ բո­լո­րը կը հա­ւաք­ուին խա­րոյ­կին շուրջ եւ մին­չեւ լու­սա­բաց, կրա­կին ճար­ճա­տու­մին հետ եր­կինք կը բարձ­րաց­նեն յե­ղա­փո­խա­կան եւ ազ­գա­յին եր­գե­րուն հն­չիւնը: Կ’ար­ժէ բա­նա­կու­մի ել­լել միայն այս պա­հը ապ­րե­լու հա­մար:
Չմոռ­նանք նա­եւ բա­նա­կու­մի ամէ­նէն հե­տաքրք­րա­կան պա­հը՝ յար­ձա­կու­մը: Հի­մա հար­կաւ միտ­քէդ կ’ան­ցը­նես, թէ ի՞նչ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին յար­ձա­կում­նե­րը բա­նա­կա­վայ­րը հս­կող պա­հակ­նե­րուն վրայ: Ըսե՛մ՝ յար­ձա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին կը սոր­վինք ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրել: Ընդ­հան­րա­պէս յար­ձա­կող­նե­րուն թի­րա­խը կ’ըլ­լան պատ­ւոյ դրօ­շը, ջու­րի տա­կառ­ներն ու կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող իրե­րը: Ար­թուն պէտք է ըլ­լալ եւ յար­ձա­կող­նե­րուն առիթ չտալ, որ հաս­նին իրենց նպա­տա­կին:
Այս արթ­նու­թիւնը մեր յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը պի­տի դառ­նայ մեր ողջ կեան­քին ըն­թաց­քին, որ­պէս­զի տի­րու­թիւն ընենք մեր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան յանձն­ուած ան­ձե­րուն կամ ար­ժէք­նե­րուն:
Եւ վեր­ջա­պէս բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին կը սոր­վինք հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք: Չենք կր­նար մեր գլու­խը առ­նե­լով աջ ու ձախ վա­զել, հարկ է խմ­բո­վի աշ­խա­տիլ, երբ ըն­կերդ դժ­ուա­րու­թեան մատն­ուի՝ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել: Արա­բա­կան առա­ծը կ’ըսէ. «Իս­կա­կան ըն­կե­րը նե­ղու­թեան պա­հուն կը յայտն­ուի»:
Օօօ՜… չմոռ­նամ ըսել, որ ար­գիլ­ուած ապ­րանք եւ ու­տե­լիք եթէ պի­տի պա­հես, վար­պետ պի­տի ըլ­լաս, այ­լա­պէս կը բա­ցա­յայտ­ուի արարքդ ու … պա­տիժդ ան­խու­սա­փե­լի կը դառ­նայ:
Ու­րեմն եթէ ամէն ինչ պատ­րաստ է՝ Օ՛Ն, ՅԱ­ՌԱ՛Ջ ԴԷ­ՊԻ ԲԱ­ՆԱ­ԿԱ­ՎԱՅՐ:
Վեհան Պարսումեան