Հայ պուլ­կա­րա­գիր բա­նաս­տեղծ եւ ար­ձա­կա­գիր Սեւ­տա Սե­ւան (Ֆրան­սու­հի Պահ­չէՃ­եան) ծնած է 1939-ին, Պուլ­կար­իոյ Պուր­կաս քա­ղա­քը: Նախ­նա­կան կր­թու­թիւնը ստա­ցած է տեղ­ւոյն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ, ապա աւար­տած է Սոֆ­իա­յի պուլ­կա­րա­կան բա­նա­սի­րու­թեան հա­մալ­սա­րա­նը: Քա­նի մը տա­րի աշ­խա­տած է երի­տա­սար­դա­կան «Նա­րոտ­նա մլա­տէժ»  թեր­թի խմ­բագ­րութ­եան մէջ: Ստեղ­ծա­գոր­ծած է 1962-էն սկս­եալ Սեւ­տա Սե­ւան ծած­կա­նու­նով. Սեւ­տան կը նշա­նա­կէ սէր, իսկ Սե­ւա­նը՝ Հա­յաս­տա­նի ամե­նա­մեծ լի­ճը՝ յայտ­նի իր զու­լալ ու քաղց­րա­համ ջու­րով։ Գրա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը սկ­սած է բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ: Իր անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վա­ծուն լոյս տե­սած է 1969-ին «Քար Քա­րի Վրայ» խո­րա­գի­րով: Սեւ­տա Սե­ւա­նի առա­ջին ար­ձակ երկն է «Ռո­դոս­թո, Ռո­դոս­թո»ն, որ ջերմ ըն­դու­նե­լութ­եան ար­ժա­նա­ցած է պուլ­կա­րա­ցի ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ եւ հե­տա­գա­յին հա­յե­րէ­նի թարգ­ման­ուած եւ տպագր­ուած է «Գա­րուն» ամ­սագ­րին մէջ: Գրած է նա­եւ «Ինչ Որ Տեղ Պալ­քան­նե­րում» եւ «Տէր-Զօր» վէ­պե­րը: Անոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ ներ­կա­յաց­ուած են Մեծ Եղեռ­նը, զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կի եւ պուլ­կա­րա­կան զօ­րա­մա­սե­րու ազա­տագ­րա­կան մի­ա­տեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պալ­քան­նե­րու մէջ:1988-ին, ան գրած է Պուլ­կար­իոյ մէջ նկա­րա­հան­ուած «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի նիւ­թը:
Սեւ­տա Սե­ւան յայտ­նի է իր հա­յան­պաստ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ութ­եամբ: 1988-էն ետք բազ­միզս այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան եւ մաս­նակ­ցած տեղ­ւոյն հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին կեան­քին: 1994-1999 թուա­կան­նե­րուն եղած է Հա­յաս­տա­նի գոր­ծե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­ւա­տար­մա­տա­րը Պուլ­կար­իոյ մէջ, 1999-2005-ին՝ ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պա­նը:
6 Մա­յի­ս 2003-ին, Հա­յաս­տա­նի գրող­նե­րու տան մէջ կա­յա­ցած «Ռո­դոս­թո, Ռո­դոս­թո», «Ինչ-Որ Տեղ Պալ­քան­նե­րում» եւ «Տէր Զօր» եռա­հա­տոր վէ­պի ամ­բող­ջա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին պուլկ­ա­րա­հայ գրո­ղը յայ­տա­րա­րած է.«Կա­րօ­տից էր, որ ես պուլ­կա­րե­րէ­նով գրե­ցի հա­յե­րէն վէպ, կա­րօ­տից էր, որ եկայ Հա­յաս­տան, կա­րօ­տից դար­ձայ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի: Դա վեց հա­րիւր տար­ուայ կա­րօտ է, որով­հե­տեւ իմ նախ­նի­նե­րը Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նից ճա­րա­հատ­եալ հե­ռա­ցել են հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ առաջ»:
Սեւ­տա Սե­ւան առա­ջին սփիւռ­քա­հայն էր, որ ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քացիի անձ­նա­գիր՝ յանձ­նե­լով պուլ­կա­րա­կան անձ­նա­գի­րը:
Նայիրի Ազարիկեան