Երեքշաբթի, 10 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի ելեկտրածին կայանի վերանորոգման յատուկ սարքաւորումներուն առաջին բաժինը հասաւ եւ նորոգող խմբակները անմիջապէս աշխատանքի սկսան, ամբողջացնելու համար կայանին մէջ տեղի ունեցած վերանորոգման աշխատանքները։ Սուրիոյ Ելեկտրականութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Հալէպի ելեկտրածին կայանի վերանորոգումը տեղի կ՚ունենայ Լաթաքիոյ «Ռասթան» ելեկտրածին կայանի վերանորոգման զուգահեռ։ Յիշենք, որ նախորդ Յունուար ամսուան ընթացքին, Սուրիոյ Ելեկտրականութեան Նախարարութիւնը բարեկամ երկիրի ընկերութեան մը հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, որ կ՚ընգրկէր Հալէպի ելեկտրածին կայանին վերանորոգումը, 123 միլիոն եւրո պիւտճէով։ Վերանորոգուած կայանը 400 մէկա ուաթ տարողութեամբ ելեկտրականութիւն պիտի մատակարարէ Հալէպ նահանգին։