ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– ՀՄԸՄ-ի պաս­քե­թի աղջ­կանց պա­տա­նե­կան խում­բը (ՇՊ­ԼԱԹ) տի­րա­ցաւ Հա­լէ­պի ախոյ­եա­նու­թեան՝ աւար­տա­կան մր­ցու­մին պար­տու­թեան մատ­նե­լով Իթ­թի­հա­տը 75-73 ար­դիւն­քով: Սոյն մր­ցա­շար­քի առա­ջին փու­լին խում­բը կր­ցաւ պար­տու­թեան մատ­նել ՀԵԸ-ը 82-30, Հուրի­էն 62-44 եւ Ճա­լ­ա­աը 69-42 ար­դիւնք­նե­րով, պար­տու­թեան մատն­ուե­լով միայն մէկ հան­դի­պու­մի, այն ալ Իթ­թի­հա­տէն՝ 61-67 ար­դիւն­քով: Կի­սա­ւար­տա­կա­նին, ՀՄԸՄ դարձ­եալ յա­ջո­ղե­ցաւ պար­տու­թեան մատ­նել Ճալ­ա­աը եւ հա­սաւ աւար­տա­կան մր­ցու­մին:
Աւելց­նենք, որ ախոյ­եան խում­բին կազ­մի ան­դամ­ներն են՝ Խում­բի մար­զիչ Գար­լա Մղա­մէզ, պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ Ռաֆ­ֆի Սիւ­լահ­եան եւ Դա­լար Կր­պոյ­եան, խա­ղա­ցող­ներ՝ Սոն­իա Չամ­սաք­եան, Լի­լիթ Սար­գիս­եան, Գե­տակ Սար­գիս­եան, Սինթ­իա Մախ­խուլ, Մի­րէլ­լա Չա­փար­եան, Արի­նա Պօշ­կե­զէն­եան, Թա­գու­հի Սազ­եան, Աննա Մար­իա Տէր Պո­ղօս­եան, Կա­լին Տե­միրճ­եան, Բար­տի Գա­լայճ­եան, Փա­թիլ Թա­նաշ­եան եւ Ծի­լա Մար­տիկ­եան:
– «Թոքիօ 2020»ի ողոմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րուն, Սուր­իոյ ծան­րա­մար­տիկ Մա­ան Ասաատ ար­ժա­նա­ցաւ պրոնզ­եայ մե­տա­լի: Ան վե­րա­դար­ձաւ Դա­մաս­կոս եւ պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ նա­եւ Մար­զա­կան Գե­րա­գոյն Դաշ­նու­թեան կող­մէ:
– Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան հայ խա­ղա­ցող Մար­տիկ Մար­տիկ­եան մի­ա­ցաւ Քուէյ­թի Արա­պի խում­բին, իսկ Մահ­մուտ Մաուաս՝ Իրա­քի Շըր­թա կազ­մին:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԷՆ
Աւե­լի քան քսան տա­րի Սպան­իոյ Պար­սե­լո­նա­յի հա­մա­կիր­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով կը հե­տե­ւէ­ին խում­բի մր­ցում­նե­րուն, որով­հե­տեւ անոնք ակա­նա­տես կը դառ­նա­յին աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն խա­ղա­ցող Լի­ո­նէլ Մեսսիի խա­ղար­կութ­եան եւ ոչ մէկ վայրկ­եան կ’ակն­կա­լէ­ին խում­բը տես­նել առանց Մեսսիի:
Այ­սօր Պար­սե­լո­նան կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւնը, սա­կայն Մե­սսին հե­ռու է կազ­մէն:  34-ամ­եայ ար­ժան­թին­ցի խա­ղա­ցող Լի­ո­նէլ Մե­սսին Պար­սե­լո­նա­յէն հրա­ժեշ­տի ասու­լի­սի պա­հուն չկր­ցաւ զս­պել իր ար­ցունք­նե­րը։  1 Յու­լի­սին աւար­տած էր անոր պայ­մա­նագ­րու­թիւնը քա­թա­լո­ն­է­ա­կան ակում­բին հետ։ Նիւ­թա­կան հար­ցե­րու բե­րու­մով կող­մե­րը չկր­ցան նոր պայ­մա­նագ­րու­թիւն կն­քել: «Քա­նի մը օր է ի վեր կը մտա­ծէի, թէ ինչ կր­նամ ըսել հի­մա։ Ես տա­կա­ւին ան­հան­գիստ  վի­ճա­կ ունիմ։ Շատ բարդ է այս­քան եր­կար ճա­նա­պար­հէ ետք լքել խում­բը: Ես պատ­րաստ չէի հե­ռա­նա­լու: Ես կը վա­յե­լէի կեան­քս Պար­սե­լո­նա­յի մէջ, որով­հե­տեւ  ամէն ինչ հրա­շա­լի էր: Յոյս ու­նիմ, որ կր­կին կը դառ­նամ այս ակում­բին ան­դա­մը։ Կ’ու­զեմ ըլ­լալ այս­տեղ  ինչ պաշ­տօ­նի ալ նշա­նակ­ուիմ, որ­պէս­զի Պար­սե­լո­նան մնայ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն ակումբ­նե­րէն մէ­կը»: Այս խօս­քե­րով հան­դէս եկաւ Մե­սսին:
Մե­սսին Պար­սե­լո­նա­յի ակա­դեմ­իա­յի սան եղած է 2001 թուա­կա­նին: Գլ­խա­ւոր խում­բին մաս կազ­մած է 2004 թուա­կա­նին։ Խում­բին հետ մաս կազ­մած է 778 մր­ցում­նե­րու, նշա­նա­կե­լով 672 կոլ եւ կա­տա­րած է 305 կո­լի փո­խան­ցում:
ԹՈՔԻՈՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ՝ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐ
«Թոքիօ 2020»ի խմ­բա­յին մր­ցում­նե­րուն, տղոց ֆութ­պո­լի ախոյ­եա­նութ­եան ար­ժա­նա­ցաւ Պրա­զի­լը՝ աւար­տա­կա­նին պար­տու­թեան մատ­նե­լով Սպան­իոյ խում­բը, իսկ եր­րոր­դու­թիւնը շնորհ­ուե­ցաւ Մեք­սի­քին: Աղջ­կանց ֆութ­պո­լի ախո­յեա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ Քա­նա­տան, անոր յա­ջոր­դե­ցին Շուէ­տը եւ Ամե­րի­կան: Պաս­քե­թի տղոց ախոյ­եա­նու­թեան կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցաւ Լաթվ­ի­ան, իսկ Ամե­րի­կան  ձեռք ձգեց աղջ­կանց տիտ­ղո­սը: Ֆրան­սա­յի տղոց եւ աղջ­կանց ձեռ­նագն­դա­կի հա­ւա­քա­կան­նե­րը գրա­ւե­ցին առա­ջին դիր­քե­րը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ