«Լրագիր».- Ազգային Ժողովի նիստին ամփոփուեցան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ հետեւեալ պատկերով. – Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Սիսակ Գաբրիէլեան. – Առողջապահութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Նարեկ Զէյնալեան. – Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան անդամ Թագուհի Թովմասեան. Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Վահէ Ղալումեան. – Տարածարջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Գէորգէան. – Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Գէորգ Պապոյեան. – Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Վահէ Յակոբեան. – Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Անդրանիկ Քոչարեան. – Պետական, իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեան. եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Էտուարդ Աղաջանեան. – Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Հերիքնազ Տիգրանեան. Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Արման Եղոյեան: