Համացանցի վրայ ընթերցողին հասանելի է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի սոյն թուականի 8-րդ թիւը: Այս անգամ եւս «Դրօշակ»ի ուշադրութեան առանցքին մէջ են Արցախը եւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին հիմնահարցերը: Ներկայացուող վերլուծութիւնները կ’անդրադառնան հայ հասարակութեան մէջ տիրապետող մտայնութիւններուն ու բարոյական մթնոլորտին, ներքաղաքական իրավիճակին, տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական հարցերուն, վեր հանելով եւ ելքեր առաջարկելով հայութեան համար ներկայ ճակատագրական կացութեան: Այս նիւթերը քննարկուած են թիւի առաջնորդողին մէջ, Վ․ Պետրոսեանի, Հ․ Զէյթլեանին, Ա․ Շահպազեանին յօդուածներուն մէջ: Օգոստոս ամսուան մէջ մեզի համար պատմական նշանակութեան իրադարձութիւններէն է Սեւրի պայմանագրի կնքումը 10 Օգոստոս 1920-ին: Հայ Դատ խորագիրին տակ այս նիւթիւն կ’անդրադառնայ պատմաբան Արարատ Յակոբեան: Պատմաբան Անի Մելքոնեան կը ներկայացնէ տարբեր ժամանակներու մէջ վաւերացուած այն միջազգային պայմանագիրները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ անոր պատմական ընթացքին վրայ: Հայ Դատ խորագիրին տակ մէկ այլ ուշագրաւ հրապարակում կը ներկայացնէ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Ալպերթ Մուշեղեան: Ա․ Մուշեղեանի թարգմանութեամբ առաջին անգամ հայերէնով ընթերցողին կը ներկայացուի նշանաւոր հայասէր Արմին Վէգներին նամակը, որ ան 1919-ին գրած է Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրոյ Վիլսոնին: Իր ողջ դաժան մանրամասնութեամբ ներկայացնելով ցեղասպանութեան շրջանին հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը ան հզօր երկրի նախագահին կոչ ուղղած է միջոցներ ձեռք առնելու քաղաքակիրթ ժողովուրդին վերջնական կործանումէն փրկելու համար: Իրաւաբան եւ մարդասէր Արմին Վէգներ այդ ելքը կը տեսնէ պատմական բնօրրանին մէջ հայոց անկախ պետութեան վերականգնումով: Կարելի է ենթադրել, որ ժամանակին մեծ արձագանգի արժանացած Վէգների այս նամակը Սեւրի պայմանագիրի կնքման եւ Վիլսոնեան իրաւարար վճռի հաստատման գործին մէջ ունեցած է իր որոշակի դերակատարութիւնը` յատկապէս Ամերիկայի նախագահին որդեգրած կողմնորոշման հարցին մէջ: Մէկ այլ ուշագրաւ հրապարակումով Երեւանի պետական Համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի աշխատակից Արտեօմ Տօնոյեան Հայաստան-Արցախի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան բնութագրումով կը դիտարկէ Նախիջեւանի գործօնին կարեւորութեան հարցը Ատրպէյճանին համար: Աշխարհաքաղաքական նիւթերու վերլուծութեան շարքին մէջ հետաքրքրական պիտի ըլլայ ընթերցելը նաեւ տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Արմէն Պետրոսեանին յօդուածը` նուիրուած Լիբանանի մէջ վերջ չգտնող ճգնաժամին, կարճ անդրադառնալով անոր նախապատմութեան ու կարելի զարգացումներուն: Հեղինակը չի մոռնար անդրադառնալու նաեւ մեզի համար եղբայրական այս երկրին մէջ ապրող հայկական կարեւոր գաղթօջախներէն մէկուն հոգերուն ու մատչելի հեռանկարին: Հետքրքրքրական ու արժէքաւոր է նաեւ Թեհրանին «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր Խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին ,1918-ին Ուրմիոյ հերոսամարտի դերն ու նշանակութիւնը Մայիսեան ճակատամարտերու յաղթական աւարտի գործին մէջ…» յօդուածը: Յօդուածը անդրադարձ է ժամանակի պարսիկ իշխանութիւններուն բարեացկամ վերաբերմունքի պայմաններուն մէջ հայկական կուսակցութիւններուն ազատ եւ հակաթուրք գործունէութեան այդ երկրին մէջ: Ինչպէս նոյն դիմադրական շարժումին շնորհիւ կարելի եղաւ դանդաղեցնել այս թեւէն թրքական զօրքերուն մուտքը Արարատեան դաշտ եւ անուղղակիօրէն նպաստել Մայիսեան հերոսամարտերու յաղթանակին: «Դրօշակ»ի այս թիւին մէջ ընթերցողը կը գտնէ հետաքրքրական այլ հրապարակումներ եւս: «Դրօշակ»ի 2021-ի թիւ 8-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: