«Երկիր Մետիա».-16 Օգոստոսի գիշերը թշնամին սադրանքի դիմած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի մարզին, մասնաւորապէս` Սեւ լիճի մէջ` փորձելով դիրքային յառաջխաղացք ապահովել: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Հայ դիրքապահները իրականացուցած են հակազդող գործողութիւններ, որոնց շնորհիւ թշնամին ետ շպրտուած է ելքի դիրքեր: Ծաւալող փոխհրաձգութեան ընթացքին թշնամին առնուազն մէկ զոհ տուած է: Հայկական կողմէն տուժողներ չկան: Աւելցնենք, սակայն, որ նշեալ ելքի դիրքերը ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մաս կը կազմեն, ատրպէյճանական զինեալ ուժերը Մայիսէն հաստատուած են ՀՀ Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի տարածքին, եւ մինչեւ օրս կը գտնուին այնտեղ: ՀՀ իշխանութիւնները չեն կրնար թշնամիի զինեալ ուժերը դուրս հանել երկրին տարածքէն: