«Երկիր Մետիա».-16 Օգոստոսին թշնամին սադրանքի դիմած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ, Երասխի մէջ: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 09:50-ին, թշնամիին դիպուկահարին արձակած կրակոցէն հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ Զու N զօրամասի զինուորական ծառայող, 1975-ին ծնեալ, աւագ ենթասպայ Վահան Թիմիկի Թաթոսեան,որ Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղէն էր: Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը բաժնեկցի կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով թշնամին կորուստներ կրած է: