Երկուշաբթի, 24 Օգոստոս 2021-ին, «Damas 2 day» կայքը հաղորդեց, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի խորհրդատուական խմբակի անդամ տոքթ. Նըպուղ ալ Աուա յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի չորրորդ տարբերակը՝ «Տելթա»ն, արդէն իսկ սկսած է արագ կերպով տարածուիլ։ «Տելթա»ն ոչ միայն երէցներուն կեանքին կը սպառնայ, այլեւ երիտասարդութեան։ Աուա յայտնած է, որ «Տելթա»ն Սուրիա հասած է վարակուած ճամբորդներու միջոցաւ, ապա հետզհետէ սկսած է տարածուիլ երկրին մէջ։ Ան շեշտած է, որ արագընթաց տարածումին պատճառը նախազգուշացման միջոցներու անտեսումն է, յատկապէս քթակապ չօգտագործելը, փակ վայրերու մէջ խրախճանքներ կազմակերպելը, ճաշարաններէն ներս կլկլակ ծխելը եւ այլ ընթացքներ։ Աուա հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներուն յայտարարուած թիւերը ճշգրիտ չեն, եւ իրականութեան մէջ անոնց թիւը տասնապատիկն է։ Ան կոչ ուղղեց արգելափակման ժամեր ճշդելու եւ նուազագոյնը հանրային վայրերէ ներս քթակապ օգտագործելու, զգուշացնելով որ վարակուողներուն եւ մահացողներուն թիւը այլապէս պիտի բազմապատկուի։