Երկուշաբթի, 23 Օգոստոս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ նորոգման խմբակները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Հալէպի ելեկտրածին կայանէն ներս։ Անոնք ելեկտրածին գործիքները կազմելէ ետք սկսած են վերանորոգել կայանի վառելանիւթի պահեստանոցը։ Սուրիոյ Ելեկտրականութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ ելեկտրածին կայանէն ներս նորոգման աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ անոր ամբողջական վերականգնումը։