25 Օգոստոսին «Հայաստան» դաշինք եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են Ազգային Ժողովի մէջ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն նկատմամբ տեղի ունեցած իրավիճակին մասին. «ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Ազգային Ժողովի մէջ տեղի ունեցած խայտառակ բռնութիւնը Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նկատմամբ: Կ’արձանագրենք, որ 24 Օգոստոսը պիտի դառնայ խորհրդարանական պատմութեան ամենաամօթալի էջերէն մէկը, երբ իրենց իշխանութիւն հռչակած խումբ մը անձեր ապօրինի հրամաններով ՀՀ օրէնսդիր մարմինին, Սահմանադրութեան մէջ եւ օրէնքներու կոպիտ ոտնահարումով տեղի ունեցաւ յանցագործութիւն ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական արժէքներուն նկատմամբ: Հայաստանի մէջ բռնութեան քարոզ ու ատելութեան մթնոլորտը ունին մէկ աղբիւր` «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնն է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Կը վստահեցնենք, որ հետեւողական պիտի ըլլանք այսօր յանցագործութիւն կատարած անձերուն քաղաքական եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ»: