“Արմէնփրէս”._ «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ իր անդամներուն հետապնդումները կը շարունակուին եւ խստիւ դատապարտած է ընդդիմադիրներու գործունէութիւնը բռնաճնշումներու միջոցով սահմանափակելու իշխանութիւններուն ամօթալի վարքագիծը: Այս մասին Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան: «24 Օգոստոսին քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ կալանաւորուեցաւ մեր գործընկեր պատգամաւոր, փրոֆեսոր Արմէն Չարչեան: Վերաքննիչ քրէական դատարանի այս ապօրինի որոշումը կը հակասէ սահմանադրութեան եւ քրէական գործերու դատաքննութեամբ ձեւաւորուած համաչափին, իսկ դատաւորին վարքագիծը պէտք է արժանանայ համարժէք իրաւական արժեւորումի», ըսած է Օհանեան: Օհանեան յայտնած է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ ապօրինի ձերբակալման մէջ գտնուող իր բոլոր գործընկերներուն եւ Ազգային Ժողովի ղեկավարութենէն կը պահանջէ ապահովել պատգամաւորներուն բնականոն գործունէութիւնը եւ կ՚առաջարկէ բոլոր խմբակցութիւններուն հանդէս գալ համապատասխան յայտարարութեամբ: «Կը պահանջենք, որ գլխաւոր դատախազը Ազգային ժողով ներկայանայ եւ բացատրութիւն տայ», եզրափակած է Օհանեան: