Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը վերահաստատեց Ռուսիոյ աջակցութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, անհրաժեշտ համարելով տագնապին քաղաքական լուծումը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին 2254 թուակիր օրէնքին համաձայն։ Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ շեշտեց, որ տարածաշրջանին խաղաղութիւնը անմիջական կապ ունի Սուրիոյ իրավիճակին կայունութեան հետ, եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան քայքայումը ամբողջ տարածաշրջանին քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակին կը սպառնայ։