Հաւաք Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ առջեւ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծո-ւած պատերազմի առաջին տարելիցին, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միու-թեան կազմակերպութեամբ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, իրագործելով բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ՝ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ առջեւ։ Բողոքի ցոյց եւ միջադէպ Աթէնքի մէջ Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի հայութիւնը ընդառաջելով ՀՅԴ Երի-տասարդական Միութեան Կեդր. Վարչութեան կոչին, ներկայ եղաւ Փսիխիքօ շրջանը գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, իր բողոքն ու ընդվզումը բարձրաձայնելու Արցախի վրայ 44-օրեայ պատերազմին եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ատրպէյճանա-կան ոտնձգութիւններուն դէմ։ Չափազանց զգալի էր ներկայութիւնը ոստիկանական զրահաւոր յատուկ ուժերու, որոնք կանգնած էին շէնքի երկայնքին։ Ցոյցէն առաջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր՝ շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած ըլլալով պաստառներ զանազան ընդվզեցուցիչ լոզունգներով, որոնց վրայ յունարէն լեզուով գրուած էին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուքի ու յարգանքի օր Ատրպէյճանի համար» գրութիւնները։ Առաւել, մայր դրան վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն։ Նաեւ, տեղադրած էին նոյ-նանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար։ Յանկարծ, ցանկապատին ետեւէն, դեսպանատան պաշտօնեաները երկար ցողերով փորձեցին վար առնել հայկական Եռագոյնը, իսկ մէկ այլ պաշտօնեայ մը ցուցարարնե-րուն վրայ ջուր կը թափէր։ Հայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւններն ու նկարները, իսկ ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները։ Դէպքի ամբողջ տեւողութեան եւ բողոքի ցոյցի ընթացքին դեսպանատան բազմաթիւ պաշտօնեաներ պատուհաննե-րուն ետեւէն նկարահանումներ կը կատարէին։ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները մեծադիր պաստառներով գրաւեցին դեսպանատան առջեւէն անցնող ճամբան, իսկ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան անդամնե-րը եւ ժողովուրդը Եռագոյն դրօշակները իրենց ձեռին կը բացագանչէին լոզունգներ։ Ե-րիտասարդականի Կեդր. Վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսէն ներ-կայացուցին արցախեան պատերազմի եղելութիւնները, յատուկ շեշտ դնելով ատրպէյ-ճանական անմարդկային ոճիրներուն վրայ, օտար վարձկաններու ներկայութեան, -Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութեան, Արցախի անզէն բնակչութեան վրայ կատարո-ւած ռմբակոծումներուն, մշակութային կոթողներու ոչնչացման, Ատրպէյճանի մէջ պա-հուող հայ ռազմագերիներուն եւ Արցախի հողերէն պոկուած հազարաւոր գաղթական ժողովուրդին։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ Ատրպէյճան անյապաղ ազատ արձակէ հայ գերիները, իսկ կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին եւ մեծ պետութիւններուն վե-րականգնել արդարութիւնը եւ ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։ Ակներեւ էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որ վճռակամ եւ պայքարունակ ո-գիով սուգի եւ ցասումի օրը վերածեց պայքարի եւ պահանջատիրութեան օրուան, ցոյց տալով որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Արցախի մեր արծուաբոյնին, հակազդելով ատրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն։ Բողոքի ցոյցը իր աւարտին հասաւ ուշ երեկոյեան, ժողովուրդին կողմէ միաբերան երգո-ւած հայկական եւ յունական ոգերգներով։ Յարգանքի եւ յիշատակի երեկոյ Թեսաղոնիկէի մէջ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտ. Միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, նոյն երեկոյ տեղի ունեցաւ յարգանքի հաւաք մը՝ ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատե-րազմին քաջաբար ինկած հայ զինուորներուն։ Երեկոյեան ժամը 8-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին« եկեղեցւոյ մէջ կատարուե-ցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտավազդ վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Հոծ բազմութեան առջեւ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ զինուորներու ու Արցա-խի ժողովուրդի դիմադրականութեան, հերոսական մարտնչումին եւ անձնազոհութեան ոգին։ Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակ, ուր պատերուն վրայ զետեղուած էին քաջաբար իրենց կեանքը մատուցած հայ զինուորներու նկարները եւ բոլոր զոհուած հայ զինուորներու անունները։ Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ յիշատակի յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին երիտա-սարդականի ներկայացուցիչը հակիրճ ներկայացում մը կատարեց անցեալ Սեպտեմբե-րին ծայր առած պատերազմական գործողութիւններուն, միաժամանակ մատնանշելով միջազգային ընտանիքի բացակայութիւնն ու անտարբերութիւնը Ատրպէյճանի գործած ոճիրներուն եւ հայկական մշակութային կոթողներու փճացումին հանդէպ։ Իր խօսքի ա-ւարտին, ան յատուկ նշում կատարեց իրենց կեանքը զոհած հերոսներուն, որոնց յիշա-տակը յարգուեցաւ այդ երեկոյեան։  Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ խոնարհե-ցան մեր նահատակ հերոսներու անմոռաց յիշատակին դիմաց։ Յարգանքի ելոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին մասնակ-ցած երկու հերոսներ՝ Հենրիկ Գրիգորեան եւ Արամայիս Յարութիւնեան, որոնց ՀԳ Խա-չի, Համազգայինի եւ ՀՅԴ Երիտ. Միութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնուե-ցաւ, պատուելով անոնց հերոսական մասնակցութիւնը Արցախի պաշտպանութեան վսեմ գործին։ Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, երգչուհի Մարիա Սփիրիտո-նիտուի եւ տուտուկահար Սերգէյ Չոպանեանի մասնակցութեամբ, որոնց մեկնաբանու-թիւնները յուզումի զգացումներ առթեցին ներկաներուն մօտ։ Յուշ երեկոն շարունակուեցաւ լուռ քայլարշաւով մը դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող խաչքարը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն։ Յուզիչ ելոյթը վերջ գտաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ։