Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ՄԱԿ-ի 76-րդ նստաշրջանի նիստին առիթով խօսք առնելով ըսաւ. «Պատմութեան էջերուն մէջ պիտի արձանագրուի, որ Սուրիոյ ժողովուրդը լոկ իր երկրին պաշտպանը չէր, այլեւ ամբողջ մարդկութեան։ Սուրիան տասնամեայ պատերազմին ընթացքին ահաւոր վնասներ կրեց, հետեւանքով ահաբեկչական ոճրագործութիւններուն, որոնք իրականացան ահաբեկչութեան ռազմական, դրամական եւ տեղեկատուական աջակցութիւն տրամադրող պետութիւններու կողմէ։ Սուրիական հողերուն վրայ եւոպական եւ արտաքին ուժերու ներկայութիւնը, առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան, ապօրինի է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին ու ՄԱԿ-ի որոշումներուն, որոնք կը վերաբերին երկրի մը գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։ Սուրիան լուրջ աշխատանք կը տանի այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու գծով, իսկ Սուրիոյ դռները բաց են բոլոր սուրիացիներուն դիմաց» ։