Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, «Սատա FM» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ռահմուն յայտարարած է, թէ սուրիական անցագիրներ ստանալու եւ նորոգելու դժուարութիւնները պիտի փարատին եւ այսուհետեւ քաղաքացիները հարցերու պիտի չհանդիպին։
Նախարար Ռահմուն յայտնեց, որ յառաջիկայ 10 Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ, անյետաձգելի պարագաներուն (ճամբորդութիւն եւ այլն) անցագիրները պիտի տրամադրուին 24 ժամուան ընթացքին, իսկ ընդհանուր առմամբ անցագիր նորոգելու կամ ստանալու տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 10 օր։