Դիմատետրի էջիս վրայ ամէնօրեայ արձանագրութիւններուն մեծամասնութիւնը կ’արծարծէ հայրենական հարցեր: Սակայն այսօր`  յետսեպտեմբերեան  ժամանակաշրջանին,  բարոյահոգեբանական շրջադարձ մը նկատելի է էջիս մէջ, հետեւանք` Արցախի 44-օրեայ  ճակատամարտին մեր կրած պարտութեան եւ անոր յաջորդող 9 նոյեմբերի եռակողմ  համաձայնութեան, որուն տարելիցը կը մօտենայ յառաջիկայ ամիսներուն:

Ցնցումին պատճառը ակնյայտ  է: Իւրաքանչիւրս ներքնապէս, հոգեպէս տակաւին չենք  կրնար մեր  ինչո՞ւներուն  եւ ինչպէ՞սներուն պատասխանը ստանալ: Արդեօ՞ք միայն  44-օրեայ  պատերազմին հետեւանքներուն մէջ պէտք է միայն  փնտռել «Մեր այսօր»-ին պատասխանը… վստահաբար` ոչ: Պատճառները բազմաթիւ են եւ  տեսակաւոր, նոյնքան հին, որքան` ժողովուրդն  հայոց:

Չունեցա՞նք արդեօք ահազանգ հնչեցնող կուսակցութիւններ, կառոյցներ, անհատներ, վստահաբա՛ր ունեցանք: Ինչո՞ւ չլսեցինք,  ինչո՞ւ  չսթափեցանք: Բաւարար չէի՞ն արդեօք մեր    երկհազարամեայ պատմութեան դասերը:  Հարցումներ, մտահոգութիւններ, որոնք անպատասխան կը մնան առ այսօր:

Այս հարցադրումներուն մէջ մտասուզուած` յանկարծ կը յիշեմ Քուէյթ ապրող վաղեմի բարեկամս` Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանը:  Ինչո՞ւ յատկապէս  ինքը` մանաւանդ, երբ անդին բազմաթիւ  հեղինակաւոր գրիչի ընկերներ ունեցած եմ մամուլի ծառայութեանս ընթացքին: Անոնցմէ շատեր ստորագրած են ազգային մտահոգութիւններ արտայայտող յօդուածներ, սակայն իւրայատկութիւն մը նշմարած եմ  Կիրակոս Գույումճեանին մտքերուն մէջ: Այս  ըսելով` երբեք չեմ թերագնահատեր գրիչի  ընկերներս, սակայն, ինչպէս ըսի,   իւրօրինակութիւն մը  նշմարած եմ անոր արտայայտած կարգ մը մտքերուն մէջ: Իր ժողովուրդին ներկայով ու ապագայով տագնապող լուսաւոր անձնաւորութիւն մը, Քուէյթ   ապրելով, հայ եւ օտար մամուլի մէջ կը ստորագրէ  ազգային-հայրենական վերլուծական յօդուածներ   հայ եւ օտար մամուլին  մէջ:

Ապացոյցներով խօսիմ:

Մեր ազգային խորհրդանիշ Արարատ լերան  մասին մեր ելոյթներուն, յօդուածներուն, բեմերէն արտասանած խօսքերուն ընթացքին կը  դատապարտենք մեր ժողովուրդին դէմ  գործուած անարդարութիւնը, իրաւունք եւ դատապարտում կը պահանջենք: Հայու համար անընդունելի է, որ Արարատը մնայ պանդուխտ,  օտարութեան մէջ: Կիրակոս Գույումճեան, լիբանանեան արաբատառ «Նահար» օրաթերթի 26 սեպտեմբեր  2009-ի, «Ազդակ»-ի 30 սեպտեմբեր 2009 (թարգմանաբար), քուէյթեան արաբատառ «Քապաս» 5 հոկտեմբեր 2009-ի համարներուն մէջ «Բռնագրաւեալ Արարատ լեռը» խորագիրը կրող յօդուածին միջոցովկը պահանջէ մինչեւ ազատագրութեան պահը «բռնագրաւուած», «բռնախլուած» կամ գերեվարուած» եզրը անպայման օգտագործել իւրաքանչիւր առիթով, երբ կը յիշատակենք Արարատ լեռը: Հայրենասէր  հայու արդար ակնկալութեամբ «Բռնագրաւուած Արարատ» եզրը   մեր մէջ  աւելի վառ պիտի պահէ  պայքարի ոգին եւ սրբազան լեռը  ազատագրելու տենչը:

Իր յօդուածին մէջ Կիրակոս Գույումճեան  կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ չենք գործածեր «գրաւեալ», «խլեալ» կամ նման ածականներ, երբ ամէն անգամ յիշատակենք «Արարատ» անունը, տեղեկատուական միջոցներու մէջ, մեր դասախօսութիւններուն ընթացքին, մեր սենեակները զարդարող գծուած կամ տպուած Արարատի նկարներուն տակ, ինչպէս որ կ՛ընեն  այլ ազգերու զաւակներ, որոնց երկրէն մաս մը գրաւուած է, ինչպէս, օրինակ, սուրիական Կոլանի բարձունքները կամ երկբաժան Կիպրոս, բռնագրաւուած Երուսաղէմը ու Աքսա մզկիթը,  բռնագրաւեալ Ալեքսանտրեթի սանճաքը եւ նման  բազմաթիւ բռնախլուած հողամասեր»: Կիրակոս Գույումճեանի բոլոր յօդուածներուն մէջ (հայերէն եւ արաբերէն) Արարատի առջեւ կցուած է  բռնագրաւուած ածականը:

Տեղին եւ արդար չէ՞ արդեօք անոր դիտողութիւնը: Անկասկա՛ծ:

Այլ երեւոյթ մը: Հայրենական արտադրութեամբ կամ ներածուած ապրանքներ գնելու, հայրենի տնտեսութիւնը զարգացնելու մտահոգութեամբ    նախաձեռնութիւն մը  ներկայացուց` «Գնեցէք Հայաստանէն», հայրենիք  այցելել փափաքող  իւրաքանչիւր հայրենակիցէ պահանջելով հայրենիքէն կատարելու իր անհրաժեշտ գնումները:

Այս նպատակով ան այցելեց Հայաստան, նախարարներու, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ  հանդիպումներունեցաւ, հեռատեսիլի կայաններէն  ելոյթներով` մանրամասն բացատրեց իր գաղափարները:

«Գնեցէք Հայաստանէն» («Shop In Armenia») նախաձեռնութիւնը անկասկած յատկապէս պիտի բազմապատկէ օտար դրամանիշի հոսքը դէպի Հայաստան` սատարելով հայրենաշինութեան եւ Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին:

Որոշ ժամանակաշրջան մը «Գնեցէք Հայաստանէն» պատկերազարդ պրոշիւրը կը տրուէր «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը ժամանող զբօսաշրջիկներուն:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ծանր օրերուն հայ մամուլին մէջ լոյս տեսաւ Կիրակոս  Գույումճեանի` «Հիմա՛ տուր, վաղը մի՛ տար»  հայրենաշունչ յօդուածը: Խորքին մէջ յօդուած չէր ան, այլ հայրենինքին, Արցախին, հայ զինուորին   սատարելու ահազանգ մը` բոլորին. «Մեր ազգի բոլոր զաւակները, որոնց մէջ նաեւ` դուն եւ ես,   մենք բոլորս հպարտ ենք մեր ազգի վարք ու բարքով, պատուով, որ մեր նախնիներուն միջոցով  սերունդէ սերունդ` դարերէ ի վեր փոխանցուած է մեզի, որպէսզի մենք ալ ամենայն բծախնդրութեամբ  փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Վա՜յ մեզի,  եթէ մեր սերունդը ձախողի անցեալը ապագային կապող հպարտ  ոսկէ օղակ ըլլալ: Քու դրամդ, քու ազդեցութիւնդ հիմա՛  պէտք են ազգին… Մի՛փորձեր յետաձգել, վաղը ուշ կ՛ըլլայ: Գումարին չափը  կարեւոր չէ, երբ քու կարողութեանդ առաւելագոյնն  է տուածդ:… Պարտաւոր ենք մեր հաւաքած  գումարը  քառապատկել, տասնապատկել, եթէ  պակսի, ես, դուն, ամէնքս մեր տան ոսկիներն ալ  պէտք է ծախենք եւ տանք: Այսօ՛ր  պէտք է տանք: Ասիկա վերջինն է, վերջինը, վճռակա՛նը»: Կիրակոս Գույումճեանի համար կենաց-մահու հարց էր  44-օրեայ պատերազմը:

Իմաստալից խօսքեր եւ տակաւին` աւելին. «Սիրելի՛ս, այսօր  եթէ յանկարծ պարտուիս, չորս կողմդ ազերիները պիտի վխտան եւ օրական  խայթեն քեզ` Փասատինա  ըլլաս, կամ Սիտնի, Լիւքսեմպուրկ կամ Զիմպապուէյ… Հիմա՛ տուր,  վերջը  մի՛ տար»: Ինչո՞ւ կը  շեշտէր, կը կրկնէր Կիրակոս Գույումճեան իր մտահոգութիւնները,   որպէսզի  հայը, աշխարհի որ ափին վրայ ալ գտնուի, ճակատաբաց, հպարտութեամբ դէմ կենայ թուրք-ազերիական տեսակաւոր պայքարներուն:

Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ հայ ժողովուրդը աւելին կրնար հայթայթել Արցախին 44-օրեայ պատերազմի օրերուն:

«Հիմա՛ տուր, վաղը մի՛ տար» կոչը զգաստացնելու  նպատակով գրած  էր ան, իր  բառերով` «ոչ թէ   միլիոնով, այլ` տասնեակ միլիոնով» հայրենիքին  օժանդակելու կոչ մըն էր «Հիմա՛ տուր, վաղը մի՛ տար» յօդուածը:

Յօդուածին մէջ, խօսքը նոր սերունդներուն   ուղղելով, Կիրակոս Գույումճեան կը յայտնէ, որ  մեզի ժառանգ հասած հայրենիքը բարգաւաճ դարձնելու, ազգային աւանդութիւնները պահպանելու, հզօր պետականութիւն կերտելու  պարտաւորութիւն ունին նոր սերունդները:

Մեկնելով այս ընկալումներէն` Կիւրակոս  Գույումճեան բարեկամական շրջանակի մէջ   մինչեւ օրս ինքնաքննադատօրէն կը հարցնէ.  «արդեօք անձամբ պատասխանատուութիւն մը  չունէ՞ր Արցախի կրած պարտութեան  մէջ»:

Երբ վերջերս Կիրակոս Գույումճեանին հետ կը խօսէի, չէր  կրնար հաշտուիլ այն մտքին հետ, որ իրականութիւն դառնային  իր  նախազգուշացումները: Կը տառապէր:

Ուշագրաւ վերլուծութիւն մըն է տասը տարի առաջ  անոր գրած «Գոյատեւելու արուեստը» հայրենաշունչ յօդուածը: Հռոմ այցելութեան  ընթացքին, Հին Հռոմի սահմանները ներկայացնող   քարտէսներուն ի տես, անոր խոհերը:

Առաջին քարտէսը անոր հպարտութիւն կը ներշնչէ, երբ կը տեսնէ Մեծն Արմէնիա (Armenia Major) մեծատառ արձանագրութիւնը` իր լայնատարած սահմաններով: Երկրորդ  քարտէսին մէջ  հռոմէացիներուն սահմանները կ՛ընդարձակուին դէպի հարաւ, արեւելք… Քարտէսին վրայ դարձեալ կ՛երեւայ մեծատառ Արմէնիան: Երրորդ  քարտէսին մէջ` նոյնպէս: Իսկ ահա չորրորդին  մէջ Հռոմէական կայսրութիւնը  ծածկած էր Մեծն Արմէնիան: Յատկանշական է, որ չորս  քարտէսներուն վրայ գոյութիւն չունէր Թուրքիան:

Հեղինակը հարց կու տայ` ի՞նչ է արդեօք մերձախողութիւններուն եւ կորուստներուն պատճառը:

Մեծն Արմէնիայի իրողութիւնը հպարտութիւն    ներշնչած է Հռոմ այցելող Կիրակոս Գույումճեանին` ներքուստ թելադրելով,  որ  ժամանակաւոր չըլլայ ազգային այդ հպարտութիւնը: Ան դիտել կու տայ, որ այդ ոգին  վառ մնացած էր իր էութեան մէջ, յատկապէս`  Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան  լոյսին տակ, դա՛րձեալ  մաղթելով, որ ժամանակաւոր չըլլային անոնք…

Կիրակոս Գույումճեան, առանց թերագնահատելու ազգային  հպարտութիւն ներշնչող  մեր  բոլոր նուաճումները, հաւատքը վառ պահելու Հայ  եկեղեցւոյ անգնահատելի դերակատարութիւնը,  ցաւ կը յայտնէ, որ մեր թագաւորները, իշխանները պետական մտածողութիւն ունենալու, ռազմական հզօրութիւն դառնալու փոխարէն` չեն կատարած այն, ինչ որ պիտի ամրապնդէր հզօր պետութեան մը պահանջները: Ան  հերթաբար կը  թուէ հզօր պետութիւն կերտելու նախապայմանները` պետական շահերու հետապնդում, պետական մտածողութիւն, մարդուժի պատրաստութիւն, բազմածնութիւն եւ այլն: Ան ցաւ կը յայտնէ, որ 2500 տարի առաջ Մեծն Արմէնիայէն հազիւ տասը առ հարիւրի տարածութիւն մը մնացած է մեր  ձեռքը:

Կիրակոս Գույումճեան ցաւ կը յայտնէ, որ մեր   ժողովուրդը չէ տիրապետած գոյատեւելու արուեստի գաղտնիքին, երբ այլ ժողովուրդներ  գիտցած  են: Այսուհանդերձ, մեր զրոյցներուն  ընթացքին, իր մտահոգութիւնները արտայայտելով հանդերձ, ան կը մնայ լաւատես:

Սփիւռքի մէջ հայրենիքի ցաւերով ապրող, անոր յաջողութիւններով հպարտացող հայրենասէր հայու տիպարն է Կիրակոս Գույումճեանը:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ