«Երկիր».-Ատրպէյճան տեւաբար  ջանքեր կը գործադրէ դուրս ձգելու Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը միջազգային փաստաթուղթերէն: Այդուհանդերձ, Հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներու առնչութեամբ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ընդունած բանաձեւին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը ընդգրկուած է: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները բանաձեւին դէմ  քուէարկած են: Փաստաթուղթը ընդունուած է ձայներու 80 կողմ, 18 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ: ԵԽԽՎ այս բանաձեւին մէջ չէ նշուած, թէ որ կողմը սանձազերծած է 44-օրեայ պատերազմը եւ  շարք մը դրոյթներու մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ  հաւասարութեան նշան դրուած է:

Գերիներու հարցով ԵԽԽՎ-ն կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն անյապաղօրէն ազատ արձակելու ու Հայաստան վերադարձնելու բոլոր գերիները:

Վեհաժողովը Հայաստանը  յորդորած է անյապաղօրէն փոխանցել ականապատ տարածքներու քարտէզները: ԵԽԽՎ-ն բանաձեւով մտահոգութիւն  յայտնած է նաեւ 6-շաբաթեայ պատերազմի ընթացքին ռազմական յանցագործութիւններու մասին բազմաթիւ մեղադրանքներու մասին` առաջադրուած թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ատրպէյճանին: Վկայակոչած է նաեւ ապացոյցներ, ըստ որոնց Ատրպէյճան` Թուրքիոյ օգնութեամբ, օգտագործած է սուրիացի վարձկաններ, ու զաւեշտը` Հայաստանն ալ օգտագործած է տարբեր երկիրներէն ժամանած հայեր: ԵԽԽՎ-ն ափսոսանք  յայտնած է տարածաշրջանէն միջազգային հանրութեան բացակայութեան մասին։

Մայիս 2021-էն սահմանի տարբեր կէտերու մէջ աւելցած են ապօրինի դէպքերը, եղած են սպանուածներ եւ վիրաւորներ, գերեվարուած են հայ զինուորներ, ԵԽԽՎ-ն կողմերուն կոչ ուղղած է բանակցութիւններ վարելու սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման առնչութեամբ եւ ուսումնասիրելու ապառազմականացուած գօտի ստեղծելու հարցը` խաղաղապահ կամ ռազմական մշտադիտարկման ուժերու ներգրաւումով: Ի դէպ, սա Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի առաջարկն է:

Մեղադրանքներ ուղղուած են կողմերուն մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ուղղուած։ Ի դէպ, ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը առաջարկ ներկայացուցած է բանաձեւին մէջ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ անուանումը Ղազանչի դարձնելու մասին, որ հակառակ հայկական պատուիրակութեան դիմադրութեան, ընդունուած է: Բնաբանին մէջ կիրարկուած է 2 անունն ալ եւ Ատրպէյճանը դատապարտուած է Ղազանչեցոցը կանխամտածուած գնդակոծելու, նաեւ հակամարտութեան ընթացքին ու անկէ վերջ այլ եկեղեցիներ ու գերեզմաններ աւերելու կամ վնասելու համար:

ԵԽԽՎ-ն շեշտած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակով կատարուած են յայտարարութիւններ, որոնք կը շարունակեն անընդունելի ձեւով ներկայացնել հայերը։ Աւելին. լուրջ անհանգստութիւն կը յարուցէ Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «զինուորական պուրակը», որ վեհաժողովի պնդումով, պէտք չէ տեղ ունենայ հասարակութեան մէջ: