29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է ԱՀ Ազգային Ժողովի 7-րդ գումարման 4-րդ նստաշրջանի առաջին նիստը: Նիստի ընթացքին ԱՀ ԱԺ «ՀՅԴ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ տակաւին նախորդ նստաշրջանին իր կողմից վեր առնուած Արցախի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու միջխորհրդարանական յանձնաժողովի ստեղծման հարցին: Ապրիլին ՀՀ ԱԺ նախկին նախագահ Արարատ Միրզոյեանի տուած պատասխանին համաձայն, պէտք է ձեւաւորուէր ՀՀ նոր խորհորդարան, որմէ ետք պէտք է աշխուժացնէին միջխորհրդարանական կապերը: Վերջերս ՀՀ-ի մէջ ձեւաւորուող նոր խորհրդարանէն ներս քննարկուեցան Արցախի հարցով յանձնաժողով ստեղծելու եւ միջխորհրդարանական կապեր հաստատելու հարցերը, սակայն ԱՀ ԱԺ «ՀՅԴ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան համար տակաւին հասկնալի չէ, թէ ինչպիսի փուլի մէջ են այս գործընթացները: Դ. Իշխանեան հարց ուղղեց ԱՀ ԱԺ նախագահին ամրան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն, նաեւ հոն գտնուող ՀՀ խորհրդարանական պատուիրակութեան մասին: «Միջխորհրդարանական կապեր եւ բարեկամական խումբեր» յօդուածին համաձայն, 2020-ին ԱՀ Աժ խորհրդարանը ձեւաւորելու ընթացքին մենք ստեղծեցինք միջխորհրդարանական յանձնաժողով` ՀՀ հետ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Կա՞ն արդեօք այդ յարաբերութիւնները, կա՞յ արդեօք այդ յանձնաժողովը ՀՀ-ի մէջ, ի՞նչ ընթացքի մէջ է, ի՞նչ պիտի ունենանք», ԱՀ ԱԺ նախագահ Ա. Թովմասեանին հարց ուղղեց Դ. Իշխանեան: ԱՀ ԱԺ նախագահ Ա. Թովմասեան հարցի բովանդակութենէն դուրս նախ գովասանքի խօսքեր ուղղեց ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն` իբրեւ Սփիւռքի միակ կարող եւ հզօր ուժի, այնուհետեւ աւելցուց, որ անուրանալի է անոնց աշխատանքը Արցախի միջազգային ճանաչման առնչութեամբ: «Պատերազմէն վերջ Արցախ-Հայաստան միջխորհրդարանական յանձնաժողովը չէ գործած: Այս պահուն ՀՀ ԱԺ 3 խմբակցութիւններուն պէտք է մտահոգէ, որպէսզի ստեղծեն բարեկամական խումբ: Հաւաստիացնեմ ձեզի, որ կը հրաւիրեմ միջխորհրդարանական նիստ, քանի որ կան օրէնքի նախագիծիր, որոնք առանց միջխորհրդարանական խումբի չեն կրնար գործել», պատասխանած է խորհրդարանի ղեկավարը: Արձագանգելով ԱՀ ԱԺ նախագահին` Դ. Իշխանեան դիտել տուաւ, որ «ՀՅԴ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավարը թէ՛ երէկուան խորհրդակցութեան ընդհանուր բովանդակութիւնը եւ թէ նախորդ ժամանակաշրջանին Ա. Թովմասեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած ոչ հրապարակային խորհրդակցութիւններու բովանդակութիւնը փոխանցած է խմբակցութեան անդամներուն: «Հետաքրքրականն այն է, որ 2 Սեպտեմբերին ՀՀ խորհրդարանական պատուիրակութեան այստեղ գտնուելու ընթացքին մենք առիթ ունեցած ենք «Հայաստան» դաշինքի անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին քիչ մը փակագիծերը բաց խօսելու, որմէ ետք ընկեր Արմէն Ռուստամեան, հիմնուելով մեր քննարկումներուն վրայ, ՀՀ ԱԺ ամպիոնէն դիմելով ՀՀ ԱԺ իշխող ուժին, վեր առաւ, որ թէ՛ նախորդ ժողովին Աժ-ի , թէ՛ ներկայիս գործող Աժ-ի միջխորհրդարանական յանձնաժողով Արցախի հետ չէ ստեղծուած: Անոր ի պատասխան` իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Վլատիմիր Բալայեան, իսկ անոր նախորդ ժամանակաշրջանին Ալէն Սիմոնեան, սլաքները ուղղելով դէպի ԱՀ ԱԺ նախագահը, հրապարակային յայտարարեցին, որ իրենք իրենց Արցախի գործընկերներուն հետ քննարկած են այդ հարց»ը, եւ որեւէ հարց չկայ», ըսած է Դ. իշխանեան: Խորհրդարանի ղեկավարը պատասխանեց, որ ինքը 25 տարուան պատգամաւոր է եւ յաճախ, ինչպէս իրենք բնորոշած են` շատ դէպքերու մէջ ինքը աւելի Դաշնակցական գտնուած է: «Թող լսեն ՀՀ եւ ԱՀ իմ գործընկերները` Արցախի հարցով ես պատրաստ եմ ցաւցնելու բոլորը», ըսած է Ա. Թովմասեան: Դաւիթ Իշխանեան ի պատասխան ըսաւ, որ Ա. Թովմասեանը չի նախատեր, այլ մէջբերում է ՀՀ գործընկերներուն խօսքը, որ քննարկած են հարցը իրենց Արցախի գործընկերներուն հետ: Արթուր Թովմասեան յայտնեց նաեւ, որ առաջարկած էր խմբակցութեան ղեկավարներուն այս հարցով քննարկում ունենալ Երեւանի մէջ, սակայն ԱՀ ԱԺ «ՀՅԴ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան դէմ արտայայտուեցաւ: ԱՀ ԱԺ «ՀՅԴ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան հակադարձեց խորհրդարանի նախագահին` ըսելով, որ ոչ թէ դէմ արտայայտուած են, այլ կարգ կայ, ըստ որուն միջխորհրդարանական խումբի յաջորդ նիստը տեղի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ: Ա. Մոսիյեան ըսաւ, որ Ա. Թովմասեան մեկնաբանած է Դ. Իշխանեանի հարցին միայն մէկ մասը: «Հարցը այն է, որ Արցախի յանձնաժողով ստեղծելու համար ՀՀ մեր գործընկերներու առաջարկին ՀՀ իշխող ուժը` խորհրդարանի նախագահի գլխաւորութեամբ, Ձեզ է մէջբերել` ըսելով, որ Ա. Թովմասեանի հետ քննարկումներու հետեւանքով Արցախի հարցով յանձնաժողով ստեղծելու կարիք չկայ, որովհետեւ կայ միջխորհրդարանական յանձնաժողով, որուն միջոցով կը լուծենք մեր հարցերը», ըսած է Ա. Մոսիյեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ա. Թովմասեան ԱՀ ԱԺ խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ իր խօսքերը առնուազն աղաւաղուած են, եւ Ձեզի համար 107 պատգամաւորներն ալ Արցախի հարցով յանձնաժողովի անդամներ պէտք է ըլլան: Ա. Թովմասեան նշեց, որ իր հարցը ոչ թէ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի մասին եղած է, այլ՝ ճանաչողական հարցին: