Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, «Ալ Մայատին» պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ քրէական ապահովական վարչակազմի տնօրէն Հուսէյն Ճումաա յայտնեց, որ «Interpol» Միջազգային Քրէական Ոստիկանութեան Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարութեան Գործադիր Յանձնախումբը չեղեալ համարեց Սուրիոյ շրջափակման միջոցները եւ վերացուց շրջափակումը։ Ըստ այդմ Դամասկոսի մէջ «Interpol»-ի գրասենեակը բանիլ պիտի սկսի։
Ճումաա աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին «Interpol»-ի քարտուղարութենէն պատուիրակութիւն մը Դամասկոս պիտի այցելէ, նախագահութեամբ՝ քարտուղարութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գրասենեակի տնօրէնին։ Այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ «Interpol»-ի վերաբերող վերջին զարգացումները Դամասկոսի գրասենեակ փոխանցել։