– ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան 13 Սեպտեմբերին ընդունեց Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Պարոնուհի Քերոլայն Քօքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

-Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններու մեծ մասը վերջերս արտացոլուած էին «ԱՄՆ ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու ցոյցի» քննարկումներու ընթացքին` Քոնկրեսի հայկական հարցերու խումբին կողմէն առաջադրուած թիւով ութ օրէնսդրական փոփոխութիւններու միջոցով: Անցնող Սեպտեմբերին այդ օրէնսդրական փոփոխութիւններու ընդունման ուղղութեամբ  Հայ Դատի Յանձնախումբը կեդրոնացուցած էր աշխատանքները:

-ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը 21 Սեպտեմբերի 2021-ին յատուկ հաղորդագրութիւն հրապարակած է, որով, ի թիւս այլնի քանատական կառավարութենէն պահանջած է Երեւանի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու` նկատելով, որ Քանատան «մեծ եօթնեակի» միակ երկիրն է, որ Երեւանի մէջ ռեզիտենթ դեսպանութիւն չունի: Ըստ յանձնախումբին, այդ հանգամանքը էականօրէն կաշկանդած է  Հայաստանի զարգացման եւ ժողովրդավարական գործընթացներուն նպաստելու` Քանատայի յանձնառութիւնը, անոր դիւանագիտական ներկայութիւնը տարածաշրջանի մէջ, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:

-Աւստրալիական պետական SBS հեռուստացոյցը, պաշտօնապէս ներողութիւն  խնդրած է երկրի հայ համայնքէն` Արցախի առնչութեամբ թիւր տեղեկատուութիւններու հանրայնացման համար: Յատկապէս շաբաթներ առաջ լրատուական գործակալութիւնը հրապարակում  կատարած էր, որոնց մէջ Արցախի ականապատ տարածքներու մասին ներկայացուած էր սխալ տեղեկատուութիւն եւ մեղադրանքներ ուղղուած էին հայկական կողմի հասցէին: ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը, աւստրալահայ համայնքի անունով բողոքի ալիք բարձրացուց, որմէ ետք գործակալութեան պաշտօնեաները ներողութիւն խնդրեցին հայ համայնքէն:

-Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոսի մէջ կը գտնուէր ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Քաղաքական հանդիպումներ  ունեցած է Կիպրոսի քաղաքական շրջանակներու հետ:

 

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
30.09․2021 թ.