ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը հաղորդագրութիւն  տարածած է, ուր ըսուած է.

«ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը աջակցութեան տեսաուղերձներ  ստացած է ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն` 27 Սեպտեմբեր 2020-ին ատրպէյճանաթրքական զինեալ կազմաւորումներու կողմէն սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով:

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը համախմբած է ՀՅԴ Երիտասարդական ընտանիքը Արցախի մէջ եւ յատկապէս պատերազմէն վերջ իր ողջ ներուժը օգտագործած է Արցախի զարգացման համար:

Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք. ահա այն հզօր ուժը, որ կրնայ  իր միասնականութեամբ չէզոքացնել մեր հայրենիքը սպառնացող բոլոր վտանգները»: