«Երկիր». – Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Պատերազմի Աչքերը» խորագիրը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտաւորապէս հարիւր լուսանկարներ, որոնց մէջ լուսանկարիչը ցոյց տուած է թէ՛ բուռն մարտերը եւ թէ թիկունքը։

Ցուցահանդէսը բացուած է Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի խօսքով։ Ան յայտնած է, որ այս լուսանկարները նախ մեծ ըսելիք ունին մեզի, յետոյ նաեւ դրսեցիներուն։ Անոնց նայելով պէտք է խորհիլ, վերծանել այն ինչ որ կատարուեցաւ ու դասեր քաղել։

Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեան, Համազգայինի Արցախի հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, երկու հերոս որդիները կորսնցուցած հայր, հրապարակախօս Միքայէլ Հաճեան։

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 12 հոկտեմբեր 2021։

Աւելցնենք, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը ցուցահանդէսը կազմակերպած էր նաեւ Երեւանի մէջ ու նպատակ ունի զայն ցուցադրելու նաեւ հայրենիքի սահմաններէն դուրս։