30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու, փորձագէտներու, օգնականներու հանդիպումը «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի հետ: Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, կարելի զարգացումները եւ դաշինքի առկայ եւ հետագայ մարտավարութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ խմբակցութեան երկամսեայ գործունէութեան, հաստատուած է նաեւ յառաջիկայ ռազմավարութիւնը: